ՀՀ կառավարութենէն յայտնած են, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Ռուսիա:

Վարչապետին դիմաւորած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռութենքօն, որմէ ետք պատուոյ պահակախումբի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, հնչած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պետական օրհներգերը:

Օրուան երկրորդ կիսուն տեղի պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: