Մեր Տէր Յիւսուս Քրիստոս, երբ խաչին վրայ իր մարդկային բնոյթով կը տառապէր եւ «Հեռացո՛ւր այս բաժակը» կը խնդրէր Աստուծմէ, իր աստուածային բնոյթով գիտէ՞ր թէ երեք օր վերջ յարութիւն պիտի առնէ:
Նայեցէ՛ք այս նկարին եւ տեսէ՛ք Անոր աչքերուն մէջ ցաւի եւ տառապանքի արտայայտութիւնը. անշուշտ ասիկա նկարող արուեստագէտին տաղանդին հաստատումն է, բայց նաեւ մեր մէջ կ’արթնցնէ մեծ տագնապ, որովհետեւ գիտենք թէ ի՛նչ կը սպասէր Իրեն: Բարեբախտաբար ծանօթ ենք նաեւ Յարութեան հրաշքին:
Նոյնը չենք կրնար ըսել մեզի համար, դժբախտաբար, մենք որ չունինք իմացութիւնը ապագային եւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ կը սպասէ մեզի: Բարեբախտաբար ունինք հաւատք, որ կը փրկէ մեզ: Այս հաւատքն է որ այսօր, մէկ ու կէս միլիոն ջարդուած հայերու կողքին, ունինք փոքրիկ Հայաստան մը եւ տասը միլիոն մարդահամարով Սփիւռք մը:
Քաղաքս այցելած տիկին մը, որ կ’աշխատի Հայաստանի Ազգային Արխիւներուն մէջ, հետեւեալը ըսաւ մեր վերջին հանդիպումին.
-Մի՛շտ մեղադրած եմ արեւմտահայերը, որովհետեւ չեմ հասկցած, թէ գիտնալով որ Ջարդերը կը ծրագրուին եւ շատ շուտով պիտի գործադրուին, ոչինչ ըրին. մէկը Գրիգոր Զօհրապն էր, որ մինչեւ վերջ իսկ կը հաւատար Թալէաթի հետ իր ունեցած բարեկամութեան. ի՛ր ունեցած, մինչ արիւնարբու այդ ոճրագործինը միայն չակերտաւոր բարեկամութիւն կրնար ըլլալ: Հիմա մենք նոյն վիճակին մէջ յայտնուեր ենք՝ գիտենք, թէ այս կշռոյթով ատրպէյճանական-հայկական համաձայնութիւնները ո՛ւր կը տանին մեզի, բայց նստած կը սպասենք, ո՛չ թէ օձին հմայքէն թակարդուած թռչունի պէս, այլ  ձեռնակապուած ու բանտարկուած մարդոց անկարողութեամբ:
Այս երկուքը՝ Յիսուսի գեղանկարն ու այս տիկնոջ խօսքերը զիս հիմէն կը շարժեն:
Երբեւէ մտածե՞ր ենք, թէ թուրքը, իր ամէնէն մեծէն մինչեւ ամէնէն փոքրը որքա՜ն հայրենասէր է, թէկուզ երբեմն կամ յաճախ ատիկա կ’ըլլայ ճնշումով եւ բռնութեամբ: Ի՛ր երկիրը մեծցնելու, հարստացնելու եւ զօրացնելու համար թուրքը միջոցներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ: Նոյնը կ’ընէ Ամերիկան, քիչ մը աւելի խորամանկութեամբ, քիչ մը աւելի աշխարհի աչքերուն փոշի ցանելով, քիչ մը աւելի այլ ազգեր ու երկիրներ իր հաշուոյն «աշխատցնելով»: Ի՛ր երկրին շահերուն համար:
Երբ հարիւրամեակը տօնեցինք, կարծեցինք թէ ա՛լ վերջացաւ մեր տառապանքը, մանաւանդ որ շատ երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը,- Ի՜նչ հեգնանք, ճանչնալ եւ ընդունիլ որ արեւը արեւելքէն կը ծագի,- եւ ի վերջոյ Թուրքիան եւս, արդէն ամօթէն կարմրելով պիտի ընդունի եւ հատուցէ, կամ գոնէ ա՛լ դադրի իր զզուելի խաղերէն:
Եւ կրկին ու բիւրերորդ անգամ յուսախաբ եղանք:
Չէի՞նք գիտեր, որ ունենալ չի բաւեր, պահել պէտք է, չէի՞նք գիտեր, որ դիւանագիտութիւն ըսուած բան մը կայ մանաւանդ այսօ՛ր, եւ չէի՞նք անդրադարձած մեր իրականութեան՝ եթէ մեր կէսին ձեռքերը կապուած էին, միւս կէսը ազատ էր:
Երբ Ղազանչեցոցը գերի է եւ կիսաւեր, ես ինչպէ՞ս Անին ողբամ:
Աւագ շաբթուան արագ թաւալքին հետ, կարծես կը թաւալի հովէն քշուած եւ ուռչող ամպի նման մեր մտահոգութիւններուն փուշէ հսկայ գունդը, չէ, ի՜նչ կ’ըսեմ, մեր անզօր ցասումը:
Ընկերային ցանցերը, մանաւանդ Հայաստանի մեր բարեկամներուն գրառումները ուղղակի ահագնացող չափերու մտահոգութիւն կը կուտակեն մեզի համար. օրինակ այսօր.
«ՀՀ-ում ռուսալեզու դպրոցների աւելացման վերաբերեալ ՌԴ արտգործնախարար Ս. Լավրովի յայտարարութեան մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցին պատասխանելով, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Դերենիկ Դումանեան ասել է նաեւ հետեւեալը. «Կոնկրետ այսօր խօսքը գնում է ռուսալեզու մեր հայրենակիցների, եւ ոչ միայն հայրենակիցների, նաեւ Հայաստան ժամանած ռուսալեզու գործարար միջավայրի համար, իրենց ընտանիքների անդամների համար ռուսալեզու կրթութիւն կազմակերպելու մասին»»:
Որուն որպէս պատասխան կը կարդանք սփիւռքահայու մը գրառումը.
«Եթէ վաղը Սթամպուլի հայերի մի մասը, ինչ-ինչ հանգամանքների բերումով գայ ՀՀ, Սթամպուլում թուրքալեզու դպրոց յաճախած իրենց երեխաների համար թուրքերէնով դասաւանդող, այսինքն՝ թուրքակա՞ն դըպրոց պիտի բացես»:
Կամ
«Այս պահին տեղի է ունենում Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական յանցաւոր պայմանաւորուածութեան գաղտնազերծումը։ Վերջիններս շատ արագ եւ միաժամանակ արձագանգեցին ԱԺ-ում ընդդիմադիր պատգամաւորների յայտարարութեանը, որ մեկնում ենք Արցախ եւ անցակէտին փոխանցեցին Արցախ մեկնող քաղաքական գործիչների անունները՝ պահանջելով թոյլ չտալ մեր մուտքը Արցախ»։
«Բացայայտուեց Արցախը մեկուսացնելու, այնուհետեւ հայաթափելու դաւադիր գործարքի հերթական փաստը»:
Այլ բարեկամուհի մը կը գրէ.
«Աս ի՛նչ «խաղաղութեան» ձգտում է որ կ’ընկճէ, կ’արիւնէ մեզ։
Սահմանազատել = հող կորսնցնել»։
Եւ սահանքի մը մէջ ինկած կը կորսնցնենք, կը կորսնցնենք …
Յետոյ
«Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 6:45-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Լիբանանի հիւսիսային շրջաններէն սուրիական «Մսիաֆ» շրջանին ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ»։
Տակաւին Աֆղանիստանի եւ Եմէնի փոքրերուն վիճակն ու ժողովուրդին սովահարութիւնը.
Պիտի ըսէք՝ լաւ բան չկա՞յ:
Կա՛յ:
Հայկական Սփիւռքի չափաքննութիւն
Կամ
«Լաւագոյն բաժինը հայկական հին գործերու մասնագէտ ըլլալուն այն է, որ երբեմն մէկը քեզի կ’ուղարկէ ընտանեկան մասունք մը: Անհատական գիւղական գորգ մը զիս աւելի կը խանդավառէ, քան լաւագոյն աշխատանոցի արտադրութեամբ գորգ մը: Հայերը մի՛շտ գորգ հիւսած են տխուր թէ ուրախ դէպք մը յիշատակելու համար: Բոլոր նախշերը իմաստ ունին: Մարդ պէտք է մշակոյթը իմանայ, որ կարենայ հասկնալ այդ հին գործերուն արժէքը»:
Հարցը այն է սակայն, որ որքան ալ լաւ բաներ պատահին այսօր մեր օրերուն մէջ, երբ մեր հողերը կը սասանին, երբ այն, որուն վրայ ամրօրէն կեցած ըլլալ կը կարծէինք, բայց կը տեսնենք որ չենք, երբ ամէն օր նոր չարիք մը կը բացայայտուի մեր երկրին համար, ինչպէ՞ս կրնանք «լաւ բաներ»ով գոհ ըլլալ եւ ապրիլ մեր առօրեան այնպէս, ինչպէս կարծես բան մըն ալ չէ պատահած կամ պիտի չպատահի:
Եւ ոչինչ կ’ընենք:
Այս ոչինչ ընելը կապուած չէ մեր ընել-չընելուն, մեր ուզել-չուզելուն, այլ կը բխի մեր անկարողութեան զգացումէն, որովհետեւ երկար ատեն ապրած ըլլալով որոշ րէժիմներու մէջ, կորսնցուցած ենք մեր հաւատքը ժողովուրդին ուժին հանդէպ. փաստօրէն ի՛նչ ալ ընենք, արդիւնքի չենք հասնիր, որովհետեւ արդէն լկտիօրէն մեզի կը հասկցնեն, որ մենք իրենց հաճոյք տուող խամաճիկներ ենք ընդամէնը, այո՛, ազատ ենք թերեւս բարձրաձայն, նաեւ բեմերէն խօսելու, բայց հոն ալ կը վերջանայ մեր ազատութիւնը եւ կը սկսի իրենց զուարճանքը … մեզմով:
Ի՞նչ ընել:
Շատ յոռետեսական է, մանաւանդ Աւագ Շաբթուան համար, որուն վերջաւորութեան Սուրբ Զատկի առաւօտը բոլորս ալ զիրար շնորհաւորեցինք ըսելով՝ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
Երանի՜ մեր աշխարհն ալ յարութիւն առնէ եւ բոլորս, ես ալ մէջը ըլլալով ամօթ զգամ իմ յոռետեսական մտածումներուս համար: Երանի՜ հրաշք մը ըլլայ ու ես բոլորէն աւելի բարձրաձայն աղաղակեմ.
«Օրհնեալ է յարութիւնը մեր ամբողջական երկրին»:
Մարուշ Երամեան