Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը վերջին տասնամեակներու հայկական իրականութեան ամէնէն վտանգաւոր ժամանակաշրջանին հետ կը զուգադիպի: Հայկական զոյգ պետութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու գոյութիւնը լրջօրէն վտանգուած ու խոցուած են:
ՀՀ-ի ներկայ ազգասպան ու պետականակործան իշխանութիւնները, փոխանակ յանցագործ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը միջազգային պատասխանատուութեան ենթարկելու համար պայքար մղելու,  «խաղաղութեան դարաշրջան» կեղծ ու խաբեբայական օրակարգի քողին տակ հայկական հարցի անբանակցելի ու անքննարկելի իրաւունքները՝ (Օր. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունք, ՀՀ.-ի տարածքային ամբողջականութիւնը, Արցախի Անկախութիւն եւ միջազգային ճանաչում, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման իրաւունք) այս կամ այն չափով զիջած են կամ զիջելու կը պատրաստուին:
Արցախեան վերջին պատերազմէն ի վեր, վերականգնումի եւ համազգային զօրաշարժի ռազմավարութեան որդեգրման փոխարէն, պարտուողական տրամադրութիւններով փորձ կը կատարուի առաւել պառակտել ու բարոյալքել հայ հասարակութիւնը, տկարացնել պետական հաստատութիւններն ու պայքարի հաւաքական ոգին արմատախիլ ընել:
Հետեւաբար, հայ աշխարհով տագնապողներուն ծանրակշիռ ուշադրութիւնը այս օրերուն վերոնշեալ վտանգներուն վրայ կեդրոնացած է եւ ո՛չ անպայման 107- ամեակի պարունակին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պայքարին թափ տալուն: Մեր ժողովուրդին ու պետականութեան այս օրուան դիմագրաւած վտանգներուն արմատները (root causes) սակայն դէպի 1915-ի Ցեղասպանութիւն կ’երթան: Այս իրողութիւնը պէտք չէ անտեսել կամ մոռացութեան տալ: Մինչ օրս, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները չվերացնելը հիմնական պատճառներէն թերեւս գլխաւորն է, հայ աշխարհի դիմագրաւած ժամանակակից գոյութենական վտանգներուն:
Արտաքին ճակատի վրայ, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հետեւանքներու վերացումը պիտի ապահովէր հայ ազգի եւ պետականութեան անվտանգութիւնը, որովհետեւ ցեղասպան ու ոճրագործ թրքական պետութիւնը ո՛չ միայն բազմապիսի վնասներու հատուցում  կատարած պիտի ըլլար, այլ նաեւ միջազգային ու գործնական երաշխիքներ պիտի սահմանուէին անոր ցեղասպանական, փանթուրանական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւններէն հեռու պահելու համար: Արցախեան վերջին պատերազմը եւ անոր յաջորդող դէպքերը յստակօրէն կ’ամրապընդեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի որդեգրած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւնը, որ կարելի պիտի չըլլար դրսեւորել, եթէ 1915-ի Ցեղասպանութեան հետեւանքները հանգամանօրէն վերացած ըլլային:
Աւելին. Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը ճամբայ պիտի հարթէ հայ-թուրք ժողովուրդներու իսկական եւ կայուն հաշտութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման: Առանց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խաղաղութեան ի՛նչ պայմանագիր կամ ձեւաչափ ալ որդեգրուի Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ, այդ մակերեսային, անկայուն, խաբուսիկ ու ժամանակաւոր է, որովհետեւ իսկական հաշտութիւնն ու բարի-դրացիական յարաբերութիւնները կը հաստատուին միայն ու միայն արդարութեան վերականգնումի գործընթացով:
Երկու ժողովուրդներուն միջեւ իսկական փոխվստահութեան, համերաշխութեան եւ հաշտութեան անկարելի է հասնիլ, առանց արդարութեան վերականգման անցումային գործընթացին: Իսկ «արդարութեան վերականգնում» ըսելով հայ հասարակութեան ընկալումը միասնական պէտք է ըլլայ, հիմք ունենալով Միջազգային Օրէնքի տրամադրութիւնները՝ Թուրքիոյ կողմէ պաշտօնական Ճանաչում, ներողութիւն, վնասից հատուցում, կալուածներու եւ հողերու վերադարձ ու հատուցում, կրթութիւն, թրքական պաշտօնական պատմութեան խօսոյթի վերանայում, ոգեկոչում եւ Ցեղասպանութիւնը չկրկնելու իրաւական-գործնական երաշխիքներ:
Ներքին ճակատի վրայ, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը հայութեան հաւաքական վէրքը կը սպիացնէ, ստորակայութեան, ստրկամտութեան, վախի ու անտարբերութեան որոշ հաւաքական բարդոյթներու դրսեւորումներ կը փոխակերպէ, հաւաքական  զարթօնքի ու ընկերահոգեբարոյական վերականգնումի կ’առաջնորդէ, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ֆինանսական հսկայական աղբիւրներ կը տրամադրէ պետականաշինութեան, հզօրացման, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքերը ուժեղացնելու եւ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակը բարձրացնելու:
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր համազգային առաջնային գերխնդիրը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներու վերացումը պէտք է մնայ: Այս հաստատումը չի նշանակեր, թէ որպէս մարտավարութիւն, մերթ ընդ մերթ համազգային առաջնահերթութիւններու կարգը կարելի չէ փոխել: Ընդհակառակը, մարտավարական մօտեցումը կ’ենթադրէ կեդրոնացում այն հարցերուն վրայ, որոնց բարւոք լուծման չհասնիլը, երկար կտրուածքի վրայ լրջօրէն կը վնասէ նոյնինքն Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման գործընթացին: Այսինքն, ինչպէս որ է կացութիւնը այս օրերուն, եթէ խնդրոյ առարկան ՀՀ-ի կամ Արցախի պետականութիւնն ու հայրենաբնակ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու գոյութիւնն է, անհրաժեշտ է, որ համազգային մակարդակի վրայ ուժերը լարուին եւ սահմանափակ կարողութիւններն ու միջոցները այս հրատա՛պ հարցերը լուծելու օգտագործուին: Բնականաբար, առանց պետականութեան եւ հայրենաբնակ հայրենակիցներու անվտանգութեան, շատ աւելի դժուար է (եթէ ոչ անկարելի) Ցեղասպանութեան հետեւանքներու համակարգուած վերացման հասնիլ:
Ազգային ռազմավարութեան մէջ սակայն, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը բնաւ երկրորդական պէտք չէ դասել, այլ՝ մի՛շտ, անկախ բոլոր զարգացումներէն, որպէս առաջնային գերխնդիր ու նպատակ ընկալել:
Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան