Հայոց Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած ու սուրիական անապատի թրքական սպանդանոցներէն ազատած հայու բեկորները տեղաւորուեցան կառափնատի ճանապարհին վրայ գտնուող շրջաններուն, աւաններուն մէջ: Անոնք սփռուած էին, Սուրիոյ Հիւսիսի՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող գօտիին մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան շրջաններէն տարհանուածները կը տեղակայուէին ու ապաստան կը գտնէին Սուրիոյ Ռաքքա եւ Հասիչէ նահանգներուն հիւսիսը:
Յիշենք անոնցմէ Գամիշլին ու Տէրիքը, Տըրպէսիէն եւ մերձակայ գիւղերը ու աւելի հեռուն դէպի արեւմուտքի շրջանները՝ Ռաս Ուլ Այն, Արաբունար (Այն Արապ), Թէլ Ապիատ, Ճարապլոս… եւ այլն:
Շատեր գացին հաստատուելու Հալէպ, որ տարագրեալ հայութեան կարաւաններուն հանգոյցն ու խաչմերուկն էր ու դարձած էր Հայոց որբանոց-պատսպարանն ու այրիանոցը:
Տէր Զօրի թրքական սպանդանոցի ճամբուն վրայ գտնուող Հալէպ հասած էր Կարինի, Խարբերդի ու նոյնիսկ Կիլիկիոյ հայկական բնակավայրերէն տեղահանուած հայերու հոծ բազմութիւն:
Աւելի ուշ, Ֆրանսա-քեմալական Թուրքիա սիրաբանութեան որպէս արդիւնք, երբ Կիլիկիան նուիրուեցաւ Թուրքիոյ, հայկական Կիլիկիան դատարկուեցաւ հայութենէ. հայութեան ստուար մասը հաստատուեցաւ Հալէպ ու անոր հիւսիսը կամ հիւսիս-արեւելք գտնուող Ազազ, Աֆրին, մասամբ Պապ եւ Մունպուճ, եւ շօշափելի թիւ մը Հալէպ, թէեւ ոմանք հասան մինչեւ Լիբանան ու ապա աւելի հեռու՝ արեւմուտքի երկիրներ:
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի հայկական գիւղերէն Քեսապի, Եագուպիէի, Ղընէմիէի… թէեւ նօսրացած թուաքանակով, բնակիչներու բեկորները, ֆրանսական իշխանութիւններու Սուրիոյ վրայ տիրապետութիւն բանեցնելէ ետք վերահաստատուեցան իրենց շրջաններուն մէջ:
Վերոյիշեալ ամէն շրջաններուն մէջ հաստատուած ու վերահաստատուած հայութիւնը շուտով դուրս եկաւ իր գաղթականի վիճակէն: Կազմակերպեց իր կենցաղային, տնտեսական, կրթական… կեանքը:
Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ գործող իշխանութիւններուն բարեացակամ վերաբերումը ունեցաւ իր դրական արդիւնքը, որպէսզի հայութիւնը շուտով դուրս գար իր գաղթակայաններէն:
Սակայն թրքական շարունակուող խժդժութիւններուն որպէս արդիւնք, այս անգամ Թուրքիոյ քրտական հաւաքականներուն հանդէպ, քրտական վաչկատուն ցեղախումբեր յաջորդող տասնամեակներուն եկան հաստատուելու  հայ-արաբ խառն բնակչութեամբ բնակուած շրջաններուն մէջ, ուր թրքական եաթաղանը անհասանելի էր ու ապահովութիւն կը տիրէր:
Թրքական հակաքրտական բռնութիւնները երկու բան կը նպատակադրէին:
Նախ Թուրքիա կ’ազատէր քիւրտ մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններէն, անոնք կը դատարկուէին եւ պետութիւնը կանխած կ’ըլլար գալիք գլխացաւ մը՝ զանոնք հեռացնելով, երկրորդ կարեւոր նպատակը այդ սահմանագիծի գօտին տեղաւորուած հայութիւնը կը հակակշռէր այդ վաչկատուն ու թափառաշրջիկ խումբերով, անոնց՝ հայերուն տեղը նեղցնելով:
Քրտական հոսքը դէպի Սուրիա սկսաւ 1923-1927 քրտական ապստամբութիւններով Թուրքիոյ դէմ ու շարունակուեցաւ մինչեւ Բ. աշխարհամարտ, իսկ վերասաստկացաւ 1961-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական հակամարտութիւններու որպէս արդիւնք կատարուած պետական յեղաշրջումին պատճառաւ:
Սահմանագօտիի հայութեան վրայ իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ տնտեսաքաղաքական անկայունութիւնը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1970 թուականը՝ (նախագահ զօր. Հաֆէզ ալ-Ասատի իշխանութեան գալու թուականը): Սուրիա-Հրէաստան պատերազմներուն որպէս արդիւնք երկարաժամկէտ զինուորական ծառայութիւնն ալ սուրիական բանակին մէջ ժխտականօրէն անդրադարձաւ այնտեղ ամրացած հայութեան վրայ, որ մերթ ընդ մերթ տեղափոխուեցաւ Հալէպ, Լիբանան եւ աւելի հեռուներ:
2011-ին սկսած սուրիական 11-ամեայ տագնապը, ուր Թուրքիա անմիջական դերակատար էր որպէս այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու խնամատար ու զինող ուժ, եկաւ հանգելու Թուրքիոյ կողմէ այդ սահմանագօտիի բռնագրաւման (ցայսօր), ու վերջնականապէս հայաթափեց այդ շրջանները նոյնիսկ մնացած բեկորներէն:
Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի պարագային անդրադառնալով, Թուրքիա իր բանակի ներխուժումով Ազազ ու Աֆրին քաղաքներուն մէջ՝ հայերու գոյութեան վերջնակէտը ամրագրեց:
Այստեղ չենք ուզեր մանրամասնութիւններ տալ միջնադարուն հայահոծ Ռուճի հովիտի հայութեան մասին (որուն բանասէր-հայագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ուսումնասիրական ծաւալուն հատոր մը նուիրած է): Այնտեղ Շուղուր աւանին մէջ (մերօրեայ Ճըսըր-Շուղուրի արեւմուտքին գտնուող), Հայ Առաքելական Եկեղեցին առաջնորդարան ունեցած էր, սակայն կ’ընդգծենք, որ հոն մնացած էր հայկական, սակայն արաբախօս Եագուպիէ գիւղը, ինչպէս լատինացած Գընէյթ ու Ճըտէտիան, որոնց բնակչութիւնը յոյն-ուղղափառութիւնը կը դաւանէր: Այդ գիւղերն ալ 2011-ի տագնապին պատճառով թօթափուեցաւ իրենց բնակչութենէն ու թրքական իշխանութիւնները այնտեղ բնակեցուցին արաբ ու թուրքմէն ընտանիքներ:
Այստեղ նշեմ, որ 2012-2013-ին բռնագրաւուած Եագուպիէէն տեղահանուած Եագուպիացի ընտանիքներ (աւելի քան տասնեակ մը) եկան հաստատուելու Քեսապ ու 2014-ին քեսապցիներուն հետ տեղահանուեցան, երբ թրքական ահաբեկչական խումբերը ներխուժեցին Քեսապ: Անոնցմէ 5-6 ընտանիքներ ցայսօր կը շարունակեն բնակիլ ազատագրուած Քեսապի մէջ, մինչ եագուպիահայերուն մեծ մասը տեղաւորուած է Լաթաքիա, Հալէպ ու այլուր:
Եագուպիահայերու հայեացքը թէեւ սեւեռած է իրենց ծննդավայրին վրայ, սակայն անոնք վստահ չեն, թէ պիտի կարենան վերադառնալ իրենց գիւղը:
Այսօրուան դրութեամբ, Սուրիոյ հիւսիսի Թուրքիոյ հետ սահմանագօտին, բացի Քեսապի վարչական շրջանի սահմանագիծի 20-25 քմ.-էն, մինչեւ Ռաքքա նահանգի սահմանագօտիի մեծ մասը, 20-30 քմ. լայնքով տիրապետուած է Թուրքիոյ եւ կամ իր վարձկան խմբաւորումներուն կողմէ, եւ հայաթափուած, իսկ քրտաբնակ շրջանները, իմա՝ քիւրտերը, ենթակայ են ամէնօրեայ ու հետեւողականօրէն կիրարկուած թրքական բռնութիւններուն ու խժդժութիւններուն:
Ընդգծելի է նաեւ, որ Հասիչէ նահանգին մէջ տեղակայուած են Ամերիկեան բանակի յենակէտեր (հասնելով մինչեւ Իրաքի սահմանը), եւ անոնց՝ ամերիկացիներուն նեցուկը վայելող քրտական խմբաւորումներ շրջանը դուրս բերած են սուրիական պետութեան ենթակայութենէն, (բացի Գամիշլի քաղաքի կարգ մը թաղեր, Գամիշլիի եւ Տէրիք գիւղի մէջ տակաւին կը գոյատեւէ նօսրացած թիւով հայութիւն):
Որպէս եզրակացութիւն հաստատենք, որ Թուրքիա յաջողած է ուղղակի թէ անուղղակի միջամտութիւններով հայաթափել այդ շրջանները ու հիմա հետամուտ է քրտաթափելու զանոնք՝ ի գին ամէն տեսակ բռնութիւններու:
Մօտաւորապէս 900 քմ. երկայնք ունեցող այդ սահմանագիծին վրայ հայաբնակ մնացած են Քեսապն ու Գամիշլին ու գուցէ վերջինիս մերձակայ Տէրիքը:
Իսկ ի՞նչ ապագայ վերապահուած է այդ երկու շրջաններուն, տակաւին շարունակուող սուրիական տագնապին գծով մարդ ոչինչ կրնայ կռահել: Այդ ապագան կախեալ կը թուի մեծապետական խաղերէն ու համաձայնութիւններէն, ուր պակաս դերակատար չեն շրջանային ուժերը, իմա՝ իր նախկին կայսրութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարող Թուրքիան:
Իսկ մնացած բնակավայրերու հայկական հաւաքականութիւնը որքա՞ն կրնայ դիմանալ այդ պայքարի բազմերես խաղերուն…:
Յիշողութենէ չվրիպելու համար ընդգծենք, որ նախորդ տասնամեակին, Թուրքիա Սուրիոյ հետ մօտ 900 քլմ. երկայնք ունեցող սահմանին վրայ կառուցած է աւելի քան 3 մեթր բարձրութեամբ փշալարերով պատ մը, որ գրութեան մը մէջ անուանած էի ամօթի կամ վախի պատ:
Աւելցնեմ նոր նկատուած երեւոյթ-իրողութիւն մը, որ Թուրքիա Քեսապի հիւսիսարեւմտեան կողմը գտնուող նախկին Պաշուրտ գիւղին դիմացը (Գարատուրան գիւղին հանդիպակաց), սահմանամերձ վայրին վրայ տեղադրելով նախապէս կառուցուած շարժական տնակներ, բերած ու հաստատած է թուրք վաչկատուն հօտառած բնակիչներ, անոնց շինելով նոյնիսկ մզկիթ մը, որուն նամազի կանչը կը լսուի Գարատուրան գիւղէն:
Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Թուրքիա: Խաղաղութի՞ւն: Գուցէ թրքական, իւրայատուկ, արիւնախառն խաղաղութիւն:
Թուրքերուն ու Թուրքիոյ հետ դարերու շփման լոյսին տակ հայութիւնը ինչպիսի՞ յարաբերութեան անցեալ ունեցած է: Թուրքիա ինչպիսի՞ վերաբերում ունեցած է հայութեան հետ նախքան Մեծ Եղեռն ու յետ-Եղեռնի տարիներուն:
Պատմութիւնը դառնօրէն կը փաստէ, որ անցեալէն ցայսօր, Թուրքիա իր բազմագոյն վերնախաւերով (Օսմանեան, երիտ-թրքական, քեմալական, մերօրուան՝ Էրտողանեան…) ոչ մէկ պահու, ոչ մէկ ակնթարթ հաշտ աչքերով դիտած է հայութեան:
Անոնց խաղաղութիւն կոչուածը միշտ եղած է արնաթաթախ:
Եւ երեւակայել, որ Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները, ի գին Արցախի, Սիւնիքի, Սփիւռքի խաղաղութիւն պիտի սարքեն թուրքին հետ ու հայութիւնը խաղաղութեան այս «հեքիաթը» կուլ պիտի տայ… ցնորք է:
Ես ատոր միամտութիւն չէի ըսեր, այլ անմտութիւն կամ դաւամտութիւն…
Տողերուս աւարտին, յետադարձ ակնարկով մը մեր պատմութեան վրայ, երբ կը փորձեմ երեւակայել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպառնայ Հայաստանին, Արցախին, հայութեան իր հատուածներով, մարմնէս ու հոգիէս սարսուռ մը կ’անցնի:
Օր մը ըսին «ապագայ կայ, կայ ապագայ»… ի՞նչ ապագայ… թրքակա՞ն…:
Այդպիսի անուրջն իսկ սարսափազդու է, նուազագոյն ու տարրագոյն ազգային նկարագիրն ու ապրումը ունեցող հայուն համար:
Մեծանուն գրագէտ Աւետիս Ահարոնեան իր «Ազատութեան Ճանապարհին» գրքի «Խայը» պատմուածքին մէջ «Խայուն» շուրթերուն վրայ տեղաւորեց մէկ նախադասութիւն. «Ես չեմ հաւատար ճակատագրին»:
Քեսապ, 20 Ապրիլ 2022
Կարօ Վ. Մանճիկեան