«Ո՛չ ոք կրնայ ջնջել մէջէս այն հաւատքը, թէ Աստուածային արդարութիւն կայ այս աշխարհի վրայ»:
«Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող որ թքնեմ քու ճակատիդ»:
Պատմութեան գիտելիքներս կը վերյիշեմ ու երկիւղով կը մտածեմ 107-ամեայ անցեալ ունեցող ոճիրի, Ցեղասպանութեան մասին:
Անմարդկային ոճիր մը արժանի է օրինակելի պատիժի մը:
Մինչեւ հոս ամէն ինչ պարզ է եւ ոչինչ կրնայ զարմացնել 21-րդ դարու մարդը:
Մշակոյթն ու պատմութիւնը, երգն ու երաժշտութիւնը, առնականն ու լալկանը, ազգայինն ու յեղափոխականը, սիրայինն ու աշուղականը, գիրն ու գրականութիւնը, գիտելիքն ու գիտութիւնը, պարն ու ասմունքը, բեմն ու թատրոնը, մշակոյթի ստեղծման յենարաններն են:
Բայց անարդարութեան դէմ ծառանալն ու զէնք բարձրացնելը մշակոյթի ամբողջացումն է:
Պատմութիւն՝ խառնուրդ երկրի եւ երկնքի, հողի ու հոգիի, մութի ու լոյսի, ուր կը բնակին յիշատակներս, զգացումներս եւ տպաւորութիւններս:
Ապրիլ 24…
Արդէն նետած ենք բաճկոնը լալկանութեան ու հագած զգեստը ազգային հպարտութեան: Որդեգրեցինք ճանապարհ, որ որակուեցաւ ուրոյն, տոկուն, աննկուն։ Իրաւատէր էինք ու դարձանք պահանջատէր:
Եւրոպայէն մինչեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք մեր դատը ժողովրդականացնելը պարտականութիւն չէր, այլ՝ ազգային պարտաւորութիւն:
Կ’ըսուի, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Դատապարտուած չենք կրկնելու անցեալի սխալները՝ եթէ սորվինք մեր փորձառութենէն:
Հայրենիք…
Այսօր երկիրը ծանրաբեռնուած է արտաքին, թէ ներքին բազում դժուարութիւններով, որոնք կը սպառնան նոյնինքն հայ ժողովուրդի գոյութեան հիմքին. իշխանութիւնը եւ իր վառած անողնաշար քաղաքականութիւնը երկիրը մատնած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի բառերով «անձեւ քաոս»ի:
Քաոսային այս դրութեան մէջ ներքին եւ ազգային կուսակցութեանց բաժանումները անխուսափելի էին: Որոշապէս այս պատճառով ալ 1918-20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան փորձառութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունի մեր ներկային համար:
Անկեղծ յուզումով մը թող ազգովին ինքնամփոփուինք, ոգեկոչենք ու այդ պահէն ետք արդար ընդվզումով արձանագրենք ու քաջութեամբ յայտարարենք.-
Քուն թէ արթուն, որոնելով միայն ու միայն քու ճղճիմ շահդ, քու կուշտ փորդ ու ո՛չ աւելին, կորսնցուցած ես պատմութիւնդ, հայրդ ու պապերդ ու դարձած թրքամէտ՝ յիշելով մոռցած հայոց եղեռնամատեանները, հայոց հարց,- պահանջատիրութիւն մտքիդ մէջ գոյութիւն չունի,- չըսելու համար սրտիդ ու հոգիիդ մէջ, ազգդ կը ծառայեցնես անձնական շահերուդ եւ ոչ հակառակը:
Չկայ այն ընդհանուր աշխարհայեացքը, որ կը շաղկապէ իշխանութիւնները ընդդիմութեան, մտաւորականութեան եւ ամբողջ հասարակութեան:
Խօսքը գաղափարական ու գաղափարախօսական հակասութիւններու մասին չէ, այլ՝ ապագաղափարական մթնոլորտի: Երբ չկան համախմբող իտէալներ, ռազմավարութեան մշակման խնդիրը արհեստական է ու անպտուղ:
Այստեղ պիտի ծնի ազգ-պետութեան կենսագործութեան ռազմավարութիւնը:
Այլապէս՝ ո՛չ նախագահներու, ո՛չ կառավարութիւններու փոփոխութիւնները, ո՛չ կառուցուածքային տեղաշարժերը, ո՛չ վերէն կատարուած կարգադրութիւնները, կամ վարիններու ընդվզումները կը շտկեն վիճակը:
Ինքնուրոյն կառավարման եւ կառուցողական գործընթացներու ծաւալման խնդիրը կը մնայ ամէնէն լուրջ հիմնահարցը:
Կառավարութեան որոշումները պէտք է աւելի յենին ազգային շահերուն, քան թէ արտաքին ազդեցութեանց կամ ճնշումներուն հպատակին:
Ճակատագրական բնոյթ ունեցող երեւոյթները դիմակալել հայկական միաձայնութեան եւ միութեան սատարող գործելաոճ օգտագործելով եւ ո՛չ հակառակը:
Ուրեմն անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ստեղծել իրական եւ շօշափելի ազգային դիմագիծ ունեցող իշխանութիւն:
Հաստատելով՝ թէ վարչակարգային հիմնական փոփոխութեան բովէն անցնող որեւէ երկիր, բնական է, որ քանի մը տարի ենթարկուի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ցնցումներու: Հայաստանը չէր կրնար բացառութիւն ըլլալ:
Ամէն մէկ սփիւռքահայ եւ ամէն մէկ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն ամէն զոհողութիւն յանձն պիտի առնէ՝ օգնելու եւ թեթեւցնելու համար հայրենի ժողովուրդին նիւթական եւ բարոյական բեռը:
Այո՛, որովհետեւ այլեւս Սփիւռքը ստացած է իր ուրոյն դիմագիծը:
Հետեւաբար՝ Սփիւռքն ու սփիւռքահայը պիտի շարունակուին ըլլալ որպէս իրական ու կենդանի միաւորներ:
Արդի Սփիւռքը արդիւնքն է իր աշխարհաքաղաքական փորձառութեան: Պէտք է պահպանել զայն որպէս ազգային ինքնայատուկ մէկ ամբողջութիւն:
Պէտք է պահպանել  զայն որպէս յենարան Հայաստանի՝ կարեւոր դեր ապահովելու համար Հայաստանի համաշխարհային թատերաբեմին վրայ ու Հայ Դատը միշտ միջազգային ատեաններէն ներս լուսարձակի տակ պահելու համար:
Ուրեմն, Սփիւռքի հետ՝ Հայաստանի համար, Հայաստանի հետ՝ Սփիւռքի համար:
Պարգեւ Աւագեան