Դարձեալ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւնները կը գըլխաւորեն սփիւռքահայ հասարակական թէ միութենական շրջանակներու քննարկումները: Ոմանք ներկայ տագնապալի այս վիճակին միակ լուծումը կը համարեն  իշխանափոխութիւնը, ուրիշներ կը նախընտրեն յաւելեալ զսպուածութիւն եւ կը յորդորեն հանդուրժողութիւն ու համագործակցութիւն իշխանութեան ու ընդդիմութեան միջեւ՝ դիմագրաւելու հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Երկու տարբեր տեսակէտներ են, որոնք պէտք է յարգուին անկախ ոեւէ մէկայլ համոզումէ, սակայն իշխանամէտ եւ չէզոք կարգ մը խաւերու մօտ տարածուած է կարծիք մը, որ անվիճելիօրէն անընդունելի է:
Ոմանք իշխանափոխութեան պահանջքը կը համարեն անարդար կամ նոյնիսկ անընդունելի, հիմնուելով այն տրամաբանութեան վրայ, որ ներկայ իշխանութիւնը ժողովրդավարականօրէն ընտրուած է, այսինքն ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող իշխանութիւն է, հետեւաբար փոփոխութեան պահանջքը անընդունելի է, որովհետեւ կը հակասէ ժողովուրդի կամքին:
Այստեղ հարկ կը զգամ քանի մը գիտական ու տրամաբանական շեշտադրումներ կատարել, որպէսզի միանգամայն վերջ  դնենք յիշեալ տրամաբանութեան:
Առաջին հերթին սոյն տրամաբանութիւնը ինքնին ճշգրիտ չէ եւ եթէ մանրակրկիտօրէն սերտենք կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ: Այստեղ մեծամասնութիւն բառը անտեղի կը գործածուի եւ ուղղակի շփոթ կը յառաջացնէ:
Ներկայ իշխանութիւնը ընտրուած է քուէարկողներու մեծամասնութեան կողմէ եւ ոչ թէ քուէարկելու իրաւունք ունեցող ՀՀ քաղաքացիներու մեծամասնութեան կողմէ: Պարզաբանելու նպատակով պէտք է այստեղ տեղադրեմ հետեւեալ թուային պատկերները, որոնք քաղուած են ԿԸՅ-ի (Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով) պաշտօնական տուեալներէն:
Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու ընդհանուր թիւը (2.595.334):
Ընտրութեան մասնակցողներու ընդհանուր թիւը (1.281.418):
Քաղաքացիական Պայմանագիր (Ներկայ իշխանութիւն) կուսակցութեան ընտրողներու ընդհանուր թիւը (687.414):
Տեղադրուած թուային պատկերին համաձայն, ներկայ իշխանութիւնը կը վայելէր մօտ 700 հազար ՀՀ քաղաքացիի վստահութիւնը ընդհանուր 2,6 միլիոն քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներէն: Տոկոսաւորումի իմաստով՝ ժողովուրդին 26%-ինը միայն: Այստեղ պետք է աւելցնեմ երկու այլ նկատողութիւններ.
Այս հաշիւին մէջ նկատի չ’առնուիր ոեւէ ընտրական զեղծարարութիւն, որ բնականաբար փոփոխութեան կ’ենթարկէ ընտրութեան իսկական թուային պատկերը:
Նկատի չառնուիր նաեւ ոեւէ ՔՊ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկող քաղաքացիի կարծիքի փոփոխութիւն՝ արտահերթ խորհրդարական ընտրութեան օրէն (20.6.2021) մինչեւ օրս:
Եզրափակելու համար հարկ կը զգամ պարզել, թէ որքան մոլորեցնող դեր կը խաղան զանգուածային լրատուամիջոցներն ու հասարակական ցանցերը, երբ ընտրող զանգուածին հազիւ քառորդին պատկերը կը վերածեն մեծամասնութեան:
ԶԱՐԹՆԻ՛Ր:
(Շար. 1)
Հայկ Պաթթալեան