Դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին, ազգային եւ պատմական հերոսներու անուններն ու իրենց թուարկումները, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով՝ պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Եւ նոյն այդ հերոսները, իրենց գործով եւ անուններով ժամանակին հետ կ’ապրին իբրեւ մէկական ընտրեալները ազգին։ Չեն տժգնուիր, չեն մաշիր, չեն մոռցուիր. ընդհակառա՛կն՝ աւելի քան երբեք պատգամի մը ուժը եւ թարմութիւնը կը ստանան՝ իբրեւ ազգային պարծանք։ Ու երբ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, այդ կը նշանակէ, թէ արդէն մենք զմեզ արժեւորած կ’ըլլանք:
Իսկ այս օրերուն դարձեալ Մայիս 28 է, եւ հաւատարմօրէն նաեւ կը յիշենք իր հերոսներէն՝ Արամ Մանուկեանն ալ, որուն անունը ամրօրէն կապուած է պանծալի այս թուականին հետ:
Արամ Մանուկեան: Ո՞վ չի ճանչնար զինք: Ժողովուրդի կամքին հաւատացող մարդ մը: Հերոս մը, որ իբրեւ հարազատ վկայ, քեզ կը մղէ մտածելու շատ բաներու մասին:
Իբրեւ 20-րդ դարու հայ նահապետ, զինք ճանչցած եմ որպէս իրապաշտ հերոս պատանի օրերէս: Քաջութեամբ, նուիրումով եւ հերոսութեամբ տոգորուած էր: Պատմաբաններ տասնամեակներէ ի վեր անոր անուան շուրջ հատորներ կը դիզեն: Շատեր նոյնիսկ անոր անունով կ’երդնուն:
Ու երջանիկ օրերէն մէկն էր, երբ Երեւանի մէջ, հազարաւորներու հետ, ես ալ ներկայ գտնուեցայ այս մեծ հերոսին նուիրուած յուշակոթողի պաշտօնական բացման հանդիսութեան: Հոն էր, որ կրկին հայու անցեալին հանդիպեցայ ու յափշտակուած մնացի երկար ատեն: Լուրջ պաշտամունք մըն էր իմ բաժինս: Յուշակոթողին դիմաց, իբրեւ պարզ հայ մարդ, կը զգայի որ հոգիէս բան մըն էր, որ փոխուած էր ու զիս կը ստիպէր յիշել եւ խորհրդածել: Որովհետեւ Ինք, հարուստ անհատականութիւն ունեցող գլխագիր այս հերոսը, Իր կեանքը բերած էր խառնելու հայրենիքին եւ հայութիւնն ալ ներշնչած՝ այդ ոգիով:
Պատմական եւ քաղաքական յիշողութիւնները անպայման պէտք է պեղել, մօտենալու համար այս հերոսի իրական պատկերին: Որովհետեւ նաեւ այս ձեւով է, որ մէջդ կ’արթննայ ազգային գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դէմդ մտածումի եւ երազանքի նոր հորիզոններ կը բացուին:
Արամ Մանուկեան: Հայ մը, որ իր կամքով գրեց մեր պատմութիւնը: Միշտ առինքնող բան մը ունէր վրան եւ քեզ կը ստիպէր, որ հայրենիքիդ համար դառնաս թռիչք եւ մտածում ու մանաւանդ՝  լուսեղէն ներկայութիւն: Ինքն էր, որ աւելի քան դար մը առաջ, պապենական մեր երկրէն ներս հայ մտքերուն մէջ նոր ուղիներ ակօսեց եւ ազգային իմաստ տուաւ անոնց: Դարձեալ ինքն էր, որ իբրեւ մեծ հերոս, յաղթական զինուորի նման, հպարտ եւ քաջասիրտ, հայու Ճակատագրին մօտէն քալեց եւ ռազմական ոգիով իրականացուց Իր երազը:
«Ամէն մարդ պատմութիւն է», ըսած էին մեր մեծերը, բայց, ամէն մարդ հայոց պատմութիւն չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Միայն քաջերու տրուած է այդ… Միայն անոնք են, որոնք կրնան յաղթանակին ետեւէն վազելով շահիլ իրենց անմահութիւնը:
Արդ, անկախ այս նշումներէն, մեր մօտ նաեւ պատմական թուականներու յիշատակումը գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է: Եւ ո՞վ չի յիշեր Մայիս 28-ի այդ փառաւոր վկայութիւնը՝ երբ հայը իր հողին տէրը դարձաւ եւ այս ձեւով դարերէ ի վեր իր երկրի կորսնցուցած անկախութիւնը վերադարձուց իր ազգին:
Հպարտօրէն աշխարհի ճակտին կրնանք դրոշմել, որ Մայիս 28-ով, աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը իր նոր պետականութեան հիմերը դրաւ։ Նոյնպէս, աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն լեզուներէն մէկը՝ դարձաւ պետական։ Ու Արամ Մանուկեանի անուան հետ կապուած է այս թուականը:
Առանց անհուն հրճուանքի, կարելի չէ մտաբերել թուականն ու Արամի անունը: Այս թուականի նշումով, ձեւով մը մենք զմեզ կը վերադառնանք: Կը յիշենք, որ Մայիս 28-ը նշանակալից իրադարձութիւն մը ըլլալով հանդերձ, մեծ զոհողութեամբ կերտուած յաղթական թուական մըն է, ճակատագրական երեք ճակատամարտերու յաղթանակով եւ Արամ Մանուկեանով:
Իբրեւ մեր քաղաքական կեանքի հերոս, Արամ Մանուկեանը ճանչնալու համար, նախապայման է բնազդօրէն մտածել մեր երկրի անկախութեան մասին եւ նուազագոյնը գիտակցիլ անոր արժէքին:
Ուստի, յատկապէս այս օրերուն, իբրեւ պարտաւորութիւն մեզի կը մնայ մեր պետականութեան գիտակցութիւնը ունենալ, ազգային արժանապատուութեան կողքին: Չմոռնանք, որ պատմութիւն, հաւատք, սէր, արիւն եւ ազգային ոգի յաւիտեան կը մնան հայ հողին վրայ:
Ներկայիս մեր հայրենիքէն ներս շատ տխուր երեւոյթներ կան: Քաղաքական կացութեան մասին չէ խօսքս, բայց եւ այնպէս քաղաքական մտածողութիւն է պէտք: Ժամանակն է, որ զգաստանանք եւ մանաւանդ գուրգուրանք մեր պետականութեան վրայ, որովհետեւ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ կոչուած ենք որակ դառնալով հայրենիքին ծառայելու:
Յիշենք, որ Արամ Մանուկեան իր մտքին յաղթելով կառուցեց նոր երկիր մը, որուն հիմքերը իր ժողովուրդի ոգին էին:
Հետեւաբար Անոր շունչն ու ոգեկան բարձրութիւնը, կեանքն ու գործունէութիւնը, ամբողջ աշխատանքն ու մտածումները, հաւատքն ու տեսլականը, ներշնչումի անսպառ աղբիւրներ դարձան թէ՛ մեզի եւ թէ՛ յաջորդող սերունդներուն: Որովհետեւ ինք վստահ էր, որ կենդանի թողած իր երազը, յաւիտենականօրէն պիտի ապրէր մեր ժողովուրդի հոգւոյն մէջ:
Արդ, եթէ ընդունինք, որ Արամ Մանուկեան մեզի համար հանդիսացած է գերագոյն նուիրումի եւ զոհաբերութեան մաքուր վկայ, սակայն միւս կողմէ ալ Մայիս 28-ը կը մնայ եւ պիտի մնայ մեր ազգին վերապրելու կամքին ու ազատութեան գաղափարին մարմնացումը:
Արդ, անկախութիւնդ շնորհաւո՛ր, Հա՛յ Ժողովուրդ:
Գէորգ Պետիկեան