Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ունինք ընկերներ, զորս մենք կ’ընտրենք:
Առանց ընկերոջ մտերմութեան մեր կեանքը անիմաստ պիտի դառնար: Լաւ ընկերութիւնը ամենաթանկ արժէքն է մեր կեանքի, սակայն անկեղծ ընկերները քիչ են ցաւօք:
Ո՞վ է, սակայն, անկեղծ ընկերը մարդկային մեր յարաբերութիւններուն մէջ:
Ան է, որ  միշտ կը լսէ քեզ եւ ճիշդ խորհուրդներ կու տայ: Երբ սխալներ գործես, զանոնք տեսնելով լուռ չի մնար, այլ կ’ուղղէ քեզ դէպի ճիշդ ճամբան: Չի բամբասեր եւ առիթ չի տար, որ ուրիշներ վատաբանեն քեզ: Չի նախանձիր յաջողութիւններուդ, այլ կ’ուրախանայ եւ կը քաջալերէ քեզ: Աչքերուդ նայելով կը հասկնայ, թէ ի՛նչ է տրամադրութիւնդ կամ  ըսել ուզածդ: Չի ստեր, այլ տեւաբար ճշմարտութիւնը կը խօսի, նոյնիսկ եթէ իր խօսքը պիտի նեղացնէ քեզ: Կը նուիրէ քեզ սէր, յարգանք ու ժպիտ եւ ամէն դժուար պահու կը ջանայ կողքիդ ըլլալ: Կը փնտռէ քեզ յաճախ, դուն ալ զինք՝ տեւաբար:
Մեծ երջանկութիւն է ունենալ սրտակից եւ հարազատ ընկեր, որուն կը վստահիս ամէն բան եւ որուն հետ կը զրուցես ամէն ինչի մասին՝ գիտնալով, որ ան քեզ կը հասկնայ եւ չի դաւաճաներ, ունի բաց միտք ու անկեղծօրէն կ’արտայայտուի, առանց ծամծմելու բառերն ու մտքերը:
Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք այսպիսի անկեղծ ընկերներ, բախտաւոր ենք: Համամիտ չեմ այն խօսքին թէ. «Որքան ընկեր ունիս, այնքան մարդ ես»: Աւելի լաւ է ունենալ մէկ ընկեր, բայց անկեղծ ու հաւատարիմ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ. «Ուրախութիւնը շատ ընկերներ ունի, իսկ տխրութիւնը՝ քիչ, բայց վստահելի»:
Անկեղծ ընկերները անբաժան են մեզմէ, բայց անկեղծ ընկեր ունենալու համար նախ դուն պիտի կարենաս անկեղծանալ: Անկեղծ ընկերը կը նմանցնեմ առողջութեան, եթէ ուշադրութիւն չդարձնես ու չգուրգուրաս անոր վրայ, կը կորսնցնես զայն: Նման ընկերներու հազուադէպօրէն կը հանդիպինք մեր կեանքին ընթացքին: Անկեղծ ըլլալը ուժեղ ըլլալու արտայայտութիւն է վերջապէս: Ան որ չունի բարդոյթներ, հանգիստ է ու  ներքուստ խաղաղ, ան որ իր ձախողութիւնը չ’որոներ ուրիշներու մէջ, այլ ինքն իր մէջ կը փնտռէ ու կը ջանայ սրբագրել զանոնք, ան որ կը ջանայ վայելել ընկերութեան հաճոյքը, ան է միայն որ կրնայ անկեղծութեան ներքին ուժը ունենալ:
Ուստի, եթէ  ունիք անկեղծ եւ հաւատարիմ ընկերներ, տէր դարձէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնց հոգին զուլալ է, ինչպէս աղբիւրը: Այնպիսիները միշտ ձեր կողքին կը գտնէք՝ ուրախութեան թէ նեղութեան պահերուն:
Առաջնորդուինք ուրեմն հայ ականաւոր բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի հետեւեալ խօսքով.-
Խմենք կենացն անդաւաճան ընկերութեան
Ընկերների ա՛յն սերութեան,
Որ մինչեւ իսկ չի ընդհատւում
Աքսորի մէջ ու գերութեան:
Ընկեր լինե՛նք
Նոյն յուզմունքի,
Համոզմունքի՛,
Նոյն ճաշակի՛,
Դրօշակի՛,
Ո՛չ թէ ընկեր լոկ բաժակի…:
Գարօլին Քիւրքլեան