«Մե՛ղք, որ հա՛յ էք» ժողովրդային խօսքը յաճախ լսած էի տարեց կիներէ, որոնք կը յանդիմանէին փողոցը զիրար քաշքշելով հարուածող, իրենց բերանը պղծող հայ կատաղի տղաքը։
Դուք երբեւէ լսա՞ծ էք նման արտայայտութիւն մը օտարազգիներէ՝ ուղղուած իրենց ազգակիցներուն: Ես չեմ լսած:
Կը հաւատանք, որ բնորոշ չափանիշ մը կայ հայու նկարագիրին, այն ալ՝ շնորհքն է։ Բարկանալը, ընդվզիլը մարդկային բաներ են, բայց վայրագութեան դիմելը եւ հայհոյելը՝ վայել չեն հայ քրիստոնեային, որուն կոչումն է՝ հայօրէն ապրիլ քրիստոնավայել կեանքով։
Մենք՝ հայերս, մանուկի մը ծննդեան առիթով անոր ծնողքին կ’ուղղենք սրտաբուխ մաղթանքներ ըսելով. «Թող շնորհալի զաւակ ըլլայ, պատիւ բերէ ազգին, հայրենիքին ու շրջապատին», կամ առօրեայ մեր կեանքին մէջ յաճախ կ’ըսենք. «Շնորհակալ եմ», շնորհքը ընկալած որպէս արտայայտութիւն։
Մեր նախնիները պատահմամբ չեն արտասանած այս բառակապակցութիւնները, այլ՝ իմաստութեամբ ընտրած են զանոնք։
Վերջերս, հայրենիքի քաղաքական լարուած վիճակին բերումով՝ փողոցները, հրապարակները հոծ բազմութեամբ խմբուած իւրաքանչիւր խմբակցութիւն, իր ակնոցով, ինքզինք արդար սեպելով կը բողոքէ։
Աստուածաշունչը արդարութեան համար չբողոքելը մեղք կը համարէ. «Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ» (Ես 59.4ա): Ուրեմն միտումը ճիշդ է, բայց արտայայտութեան ձեւը՝ որքանո՞վ ընդունելի։
Ցաւ ի սիրտ, այսօր հայրենի երկինքը ապականած է իր իսկ քաղաքացիներու պարսաւանքի խօսքերով, նուաստացուցիչ արտայայտութիւններով, հակառակութեամբ, ատելութեամբ եւ անէծքներով, որոնք միայն ազգիս կործանման կը նպաստեն։ Քաղաքագիտութեան մարզին մէջ գիտելիքներս համեստ են, սակայն Յիսուս Քրիստոս այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի եւ տուն մը իրեն դէմ բաժնուած ՝ կը կործանի» (Ղկ 11.17բ)։
Գիտէ՞ք Յակոբոս առաքեալ ի՛նչ ըսած է լեզուի մասին. «Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած են, միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք, եղբայրնե՛րս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ» (Յակոբու 3.9-10)։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը 2022-ը հռչակեց «Սփիւռքի տարի», ուստի փափաքս է, որ մենք՝ սփիւռքահայերս, մեր բարոյական ներդրումը ունենանք տագնապալի օրեր ապրող մեր ազգակիցներուն, զանոնք օրհնելով, որովհետեւ կը հաւատամ, որ խօսքը իշխանութիւն ունի եւ եթէ հաւատալով կրկնուի՝ կը կատարուի: Երանի միաբերան արտասանենք ու յաճախ կրկնենք. Ո՛վ հայորդի, «Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ, Տէրը պայծառացնէ Իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի, Տէրը Իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի» (Թուոց 6.24-26)։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան