Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր, թող ներգործէ

Մեր առօրեան ծաղկեցնէ
Շնորհքներով բարեզարդէ
Իմաստութեամբ առաջնորդէ
Կարծրասիրտը դարձի բերէ
Վհատածը մխիթարէ
Տրտմած մարդուն յոյս ներշնչէ
Սուրբ խօսքերդ յիշեցնէ
Ջերմ աղօթել սորվեցնէ
Բարի կամքդ ընդմիշտ յայտնէ
Արքայութեան հասցէն պարզէ
Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր, թող ներգործէ:
Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր, փառքդ յայտնէ
Խուլ խիղճերը արթնցնէ
Անկեալները վերականգնէ
Մոլորածը կեանքի կոչէ
Մութէն ելքի ճամբայ հարթէ
Պարգեւներով օժանդակէ
Ներաշխարհներ լիացնէ
Յաւերժախօս գանձեր բաշխէ
Սրբադրոշմ տաճար կերտէ
Հոգենորոգ միտք փոխանցէ
Բարեպաշտներ թող պատրաստէ
Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր, փառքդ յայտնէ:
Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր թող մեզ օծէ
Մեր ներսիդը մաքրագործէ
Բնակութիւն ալ հաստատէ։
Հողեղէն ենք, անօթ կաւէ
Սուրբ Հոգիով օր ըստ օրէ
Յառաջ կ’երթանք, հեռու մեղքէ
Քանզի Հոգին երբ ներգործէ
Տիրոջ Սէրը կը հռչակէ
Մարդն ալ չարին դէմ կը դնէ
Տիրոջ փառքը կը գովերգէ
Ու հաւատքով կը վկայէ
Թէ Տէր Յիսուս միակ յոյսն է:
Սուրբ Հոգիդ, Տէ՜ր, թող ներգործէ
Մեզի համար բարեխօսէ
 Ձայնը խօսուն արձագանգէ
Խոր զղջումի հրաւիրէ
Վերանորոգ թափով զինէ
Յաղթագնաց երթին օգնէ
Առաքինի վարքի կանչէ
Կեանքերը մեր այլակերպէ
Մեր կոչումը հաստատ պահէ
Հոգեգալուստ ապրեցնէ
Երբ Սուրբ Հոգիդ բարեգործէ
Մեզ պտղաբեր կը դարձնէ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան