Գարնան առաջին ծաղիկները արդէն սկսած էին բացուիլ։ Յարութիւն չորս տարեկան մանչուկ էր եւ չէր գիտեր, թէ ինչ կը պատահէր իր շուրջ՝ իրարանցում, պոռչտուք, քաշկռտուք։ Յարութիւն մօրը պատուէրին համաձայն, բռնած էր անոր փէշէն ու կը քալէր, կարծելով թէ պտոյտի ելած են։
Այս ինչ պտոյտ էր, որուն կը մասնակցէին այսքան մեծ թիւով մարդիկ, գրեթէ բոլոր գիւղացիները՝ ծանօթ թէ անծանօթ կը քալէին իրենց հետ։ Ճամբան երկարեցաւ, Յարութիւն յոգնեցաւ եւ ոեւէ փոքրիկի նման ջուր եւ ուտելիք պահանջեց, մինչ եղած սնունդը սպառած էր։
Յարութիւն անդրանիկ զաւակն էր ուրՖացի Գրիգոր Տէմիրճեանին՝ «Տէմիրճի Գրիգոր»-ին։ Գրիգոր նշանաւոր երկաթագործ, բայց մանաւանդ զինագործ էր։ 1915-ի Ապրիլ ամսուն ինք եւ բոլոր գիւղացիները ստիպողաբար տեղահան եղան իրենց տուներէն, երբ թուրք զինուորները խուժեցին գիւղ եւ սկսան հայերը դէպի անյայտ ճանապարհներ աքսորել։ Շաբաթ մը քալելէ ետք, այրերը կիներէն ու մանուկներէն բաժնեցին եւ իւրաքանչիւր կարաւան իր ճամբան տարբեր ուղղութեամբ շարունակեց։ Այրերուն ճանապարհը անյայտ էր, իսկ կիները ուղղեցին սուրիական սահմաններ։
Յարութիւն մօրը փէշէն բռնած կը դիտէր ութամսեայ շէկ մազերով, կապուտաչեայ իր փոքր եղբայրը, որ մօրը հօրաքրոջ աղջկան գիրկն էր եւ կը հեռանար իրենցմէ։
-Չեմ ուզեր զաւակս օտարին երթայ, չեմ ուզեր իմ մահէս ետք օտարանայ,- կ’ըսէր մայրը՝ պատուիրելով իր ազգականին ջրհոր նետել զաւակը։ Մայրը անօթի ու ծարաւ, հիւանդութենէն մաշած, գիտէր թէ իր վերջին ժամերը կ’անցնէր զաւակներուն հետ եւ կը մտահոգուէր, որ իր մահէն ետք ի՜նչ պիտի ըլլար անոնց ճակատագիրը։
Երբ անոնց կարաւանը կ’անցնէր ջրհորի մօտէն, Յարութիւնին մօր ազգականը մօտենալով ջրհորին նետեց մանուկը։ Ան ջուրին երեսը երեք անգամ ծփալէն ետք սուզուեցաւ խորը։ Կատարուեցաւ մօր խնդրանքը։ Աստուա՜ծ իմ, այդ ինչ տեսարան էր։ Բայց մայրը Յարութիւնին ձեռքը բռնած շարունակեց իր ճամբան առանց իսկ ետին նայելու, որովհետեւ գիտէր թէ գոնէ զաւակներէն մէկը ապահով է այլեւս եւ պիտի չմնայ թուրքերուն ձեռքը։
Քիչ թէ շատ քալելէ ետք, արդէն Յարութիւնի մայրն ալ ուշաթափ ինկաւ գետին եւ իր վերջին շունչը փչելէն առաջ քանի մը անգամ կրկնեց. «Դո՛ւն Յարութիւն Տէմիրճեանն ես, Գրիգոր Տէմիրճեանի զաւակը, Ուրֆայէն»։ Ետքը աչքերը փակեց առյաւէտ։
Մօրը մահէն ետք, Յարութիւն շարունակեց իր ճամբան՝ անտէր, մինակ, աչքերը թաց եւ պղտոր, միշտ ապրելով նախորդ օրերու քաղցր յիշատակները եւ յիշելով իր մօր վերջին խօսքերը։
Սակայն Աստուծոյ նախախնամութիւնը եւ բարի հրեշտակը չէին հեռացած Յարութիւնէն։ Սուրիոյ սահմանները անցնելէ ետք, տեղահանուածները տեղացի արաբներու գիւղեր մտան, գիւղապետերէն մէկը տեսնելով Յարութիւնին ցաւալի վիճակը եւ տկար մարմինը թուրք զինուորներուն քանի մը ոսկի վճարեց եւ գնեց որբը։
Տերունա Կուլոյի գիւղապետը բարեսիրտ անձ մըն էր, սիրեց փոքրիկը իր զաւկին պէս, նոյնիսկ խոստացաւ, որ ապագային զինք պիտի դարձնէ իր փոխանորդը։ Սոֆի Ալի կոչեց զայն, բայց միշտ յիշեցուց անոր հայ ըլլալը, որպէսզի չկորսնցնէ իր ինքնութիւնը։ Սոֆի Ալի շարունակեց իր կեանքը Տերունա Կուլոյի գիւղապետին խնամքին ու դաստիարակութեան ներքեւ։
Տէմիրճի Գրիգորը բաժնուելով իր ընտանիքէն, միւս գիւղացիներուն նման, քալեց գիշեր ու ցերեկ, օրեր ու շաբաթներ։ Ան կրցաւ փախչիլ թուրքերէն ու տեղէ տեղ թափառելով երկար ժամանակ փնտռեց իր ընտանիքը, յուսալով, որ գոնէ կը գտնէ անոնցմէ մէկը։ Հինգ տարի ետք յուսահատեցաւ եւ փորձեց դառնալ իր սովորական կեանքին ու աշխատանքին։ Ծանօթացաւ հայուհիի մը հետ, որ նոյնպէս փրկուած էր գաղթէն, անոնք որոշեցին ամուսնանալ եւ հաստատուիլ Հալէպի հիւսիսը գտնուող Մունպուճ գիւղը։
Գրիգոր եւ կինը ունեցան հինգ աղջիկ եւ մանչ զաւակ մը։ Մանչը դարձեալ Յարութիւն անուանեցին։Տարիներ վերջ, Գրիգորի մահէն ետք, Յարութիւն գործի բերումով իր մօր եւ քոյրերուն հետ փոխադրուեցաւ Գամիշլի։ Գամիշլիի մէջ, իր գեղեցիկ ձայնին համար, ճանչցուեցաւ «Ղազալ Արթին» անունով։ Ան զբաղեցաւ իր հօր արհեստով, ունէր նաեւ բեռնատար ինքնաշարժ մը եւ իր ժամանակը կ’անցընէր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ։
Օր մը Յարութիւն սրճարանի մը մէջ նստած ատեն ներս կը մտնեն քանի մը գիւղացիներ, որոնք ապշահար կը դիտեն զինք, ապա կը մօտենան եւ կը յայտնեն թէ անսահման է նմանութիւնը իր եւ իրենց գիւղապետի զաւկին միջեւ։ Ղազալ Արթին կը սկսի յիշել այն պատմութիւնը, զոր իր հայրը՝ Գրիգոր պատմած էր։ Կը կասկածի, կը շուարի, արդեօք հօրը կորսնցուցած զաւակը կրնա՞յ ըլլալ։ Արդեօք ան չէ՞ր մահացած եւ յաջողա՞ծ էր փախչիլ անգութ թուրքերուն ձեռքէն։
Ղազալ Արթին քանի մը օր ետք, իր ինքնաշարժով կ’ուղղուի Տերունա Կուլօ, ինչպէս որ բացատրուած էր իրեն։ Գիւղին մէջ շրջելով կը հարցնէ Սոֆի Ալիին հասցէն։ Կը մօտենայ եւ յանկարծ ինքնաշարժէն իջնելով կը քալէ դէպի ինքը։ Այո՛, ինքը, որովհետեւ դէմը կը տեսնէ ճիշդ իր պատկերին նման անձ մը։ Սիրտը կը տրոփէ, մարմինը անզգալաբար կը դողայ։ Կասկած չունէր։ Սոֆի Ալին նոյն ինքն Յարութիւնն էր, իր եղբայրը։ Երկուքի կիսուած խնձոր մը։
Սոֆի Ալին ապշած մնաց, բառ մը իսկ չկրցաւ արտասանել, միտքին մէջ կը փոթորկէր միայն մօրը ըսած վերջին խօսքը. «Դո՛ւն Յարութիւն Տէմիրճեանն ես, Գրիգոր Տէմիրճիի զաւակը, Ուրֆայէն»։ Հակառակ անցնող տարիներուն չէր մոռցած այս նախադասութիւնը եւ միշտ ինքնիրեն կը կրկնէր։ Իր երակներուն մէջ քնացած հայու արիւնը դարձեալ սկսաւ եռալ։ Տարիներու կարօտն ու յիշատակները խառնուեցան իրարու եւ երկու մարմինները միացան ու կազմեցին մէկ Յարութիւն՝ ուրֆացի Գրիգորին զաւակը։
Ղազալ Արթին արաբ աշիրեթներու սովորութեան համաձայն, երեք օր հիւրընկալուեցաւ իր եղբօր մօտ։ Անոնք խօսեցան անդադար, պատմեցին ամէն ինչ, մէկուն կիսատ ձգած պատմութիւնը միւսը ամբողջացուց, պատմեցին ու պատմեցին, լացին ու խնդացին։
Ղազալ Արթին առաջարկեց իր եղբօր, որ միանայ իրեն, որ վերադառնայ իր ընտանիքին, իր արմատներուն, բայց Սոֆի Ալի մերժեց։ Բացատրեց եղբօր, որ իրեն վստահուած էր այդ գիւղին տիրութիւնը եւ չէր կրնար իր «հօր»՝ արաբ շէյխին, տուած խոստումը դրժել։ Բայց խոստացաւ, որ եթէ մանչ զաւակ մը ունենայ, պիտի ուղարկէ զայն իր հօրեղբօր մօտ, որպէսզի իր կեանքը ապրի իբրեւ հայ եւ կրկին չկորսուի։
Եղբայրները բաժնուեցան իրարմէ դարձեալ տեսնուելու յոյսով։
Անցան տարիներ։ Ղազալ Արթին իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Քանատա, իր հետ տանելով լաւ եւ վատ յուշերը։
Արդեօք այսպէ՞ս պէտք էր վերջանար այս պատմութիւնը։
Այսպէս կը հարցնէր տիկ. Սեդա Օհանեան, որ Ղազալ Արթինին քրոջ աղջիկն է։ Իր մօրմէն լսած այս պատմութիւնը թարմ մնացած է միտքին մէջ։ Կը պատմէր յուզումով ու թաց աչքերով։ Այնպէս ինչպէս լսած էր իր մօրմէն։
Տարիներ առաջ տիկ.Սեդա իր բարեկամներէն տեղեկացած էր, որ Հալէպի մօտ գտնուող Ռամուսէ շրջան (ուր մեծաթիւ հայ արհեստաւորներ կ’աշխատէին) այցելած է արաբ օտարական մը եւ հարցուցած է «Ղազալ Արթին» անունով մէկու մը մասին։ Արթինին ծանօթները պատասխանած են, որ փնտռուածը վաղուց ճամբորդած է Քանատա։ Օտարականը յուսահատ հեռացած էր։
Տիկ.Սեդա մինչեւ այսօր երկմտանքի մէջ է։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ անձը Սոֆի Ալին էր կամ անոր մանչ զաւակը, որ եկած էր փնտռելու իր հօրեղբայրը եւ հօրը խոստումին համաձայն միանալու անոր։
Տիկ.Սեդան յուսահատ չէ եւ կը հաւատայ, որ այս պատմութիւնը այլ վերջ պիտի ունենայ, կը հաւատայ, որ այս յօդուածը հրատարակուելէն ետք, անձեր պիտի գտնուին, որոնք պիտի հասնին Սոֆի Ալիին եւ միացնեն երկու եղբայրները։
Մարիա Պոտիկեան-Գայթանճեան