Սուրբ Հոգին Քրիստոսի արիւնէն առնելով՝ կը մաքրէ ու սրբէ մեզ, ինչպէս մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս ըսաւ անոր մասին. «Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.14)։ Եւ Սուրբ Հոգին միայն զղջումով լի սրտին մէջ կը գործէ, ինչպէս որ Դաւիթ մարգարէն կ’ըսէ ապաշխարութեան սաղմոսին մէջ. «Ուզած զոհդ զղջումով լի հոգի մըն է, ո՛վ Աստուած, հետեւաբար մի՛ մերժեր զղջումնալից եւ ընկճուած իմ սիրտս» (Սղ 51.17)։
Երբ Սուրբ Հոգին կը տեսնէ, որ մարդ անհանգիստ ու տխուր է իր գործած մեղքերուն համար, այն ատեն կը սկսի զինք սրբել։ Իսկ երբ տեսնէ, որ մարդ անկեղծօրէն կը ցաւի, կը տառապի, իր անձը կը խոնարհեցնէ Աստուծոյ առջեւ եւ կու լայ իր մեղքերուն համար, զինք կը մաքրէ իր զղջումին ու խոնարհութեանը համար։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգին է ամբողջապէս մաքրողն ու սրբողը։ Սուրբ Հոգիին կրակն է, որ կը սրբէ ու կը մաքրէ մարդս իր մեղքերէն ու ապականութենէն։
Եւ մարդ ի՞նչպէս կը զղջայ ու կ’ընկճուի։ Զղջումի եւ սրտի ընկճման համար ամենագեղեցիկ օրինակը Նինուէացիներու օրինակն է։ Անոնք քուրձ հագան, մոխիրի վրայ նստեցան եւ երեք օր ծոմ պահեցին, ոչինչ կերան ու խմեցին, այլ լացին Աստուծոյ առջեւ։ Աստուած ալ ողորմեցաւ անոնց, ներեց իրենց մեղքերը եւ իր բարկութիւնը վերցուց իրենց վրայէն։ Այս է Աստուծոյ առջեւ խոնարհ ըլլալու, զղջալու եւ փշրուելու հասկացողութիւնը։ Այս կերպ զղջումն է, որ կը մղէ Սուրբ Հոգին, որպէսզի Քրիստոսի արիւնէն առնելով՝ լուայ մեզ։ Բնականաբար ծոմապահութիւնն ու խոնարհութիւնը չեն, որ մեր մեղքերը կը ներեն եւ կամ փրկագինը կը վճարեն, այլ Յիսուս Քրիստոսն է, որ զայն խաչին վրայ վճարեց իր արեան հեղումով ու մարմինին պատարագումովը։
Շնորհքը զղջացող, կուրծքը ծեծող ու իր անձը Աստուծոյ առջեւ փշրող եւ խոնարհեցնող մարդոց մէջ կը գործէ, ինչպէս ըրաւ մաքսաւորը. «հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուած, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»» (Ղկ 18.13), որովհետեւ որքան ծանրանայ մեղքը, այդքան աւելիով հարկ է որ մարդ փշրուի ու խոնարհի Տիրոջ առջեւ։
Հետեւեալը կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ. «Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած ու գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ է ու չարիքի համար կը զղջայ» (Յվ 2.13)։ Նոր Կտակարանին մէջ  ասիկա կը նշանակէ կատարուած մեղքին համար լալ, հեծեծել եւ մեր ցաւին ի տես մեր սիրտը պատռել, այս բոլոր կերպերը կը յանգին Սուրբ Հոգին դէպի մեզ մղելու, որպէսզի Քրիստոսի արեան շնորհիւ մեզի տայ քաւութիւն եւ թողութիւն։
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԸ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԻ
Դաւիթի ապաշխարութեան մէջ տեսանք, թէ ինչպէս անիկա իր մեղքը խոստովանեցաւ Նաթան Մարգարէին առջեւ, որովհետեւ ապաշխարութիւնը խոստովանութեան հետ կը համեմատուի։ Եւ եկեղեցւոյ մէջ խոստովանութեան խորհուրդին նպատակն է, որ մարդ մեղքերու թողութիւն գտնէ եւ ստանայ։ Խոստովանահայրէն արձակումը ստանալէն ետք է միայն, որ ենթական կը մօտենայ Սուրբ Խորհուրդին եւ կը հաղորդուի Տիրոջ մարմինով ու արեամբ, որպէսզի թէ՛ ներում ստանայ եւ թէ՛ ալ՝ յաւիտենական կեանք։ Քանի որ մեղքը մահուան գործօնը մտցուց իր կեանքին մէջ, ահա թէ ինչու անիկա կեանք կը խնդրէ Տիրոջ մարմինէն ու արիւնէն։
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՎԱՅՐԸ
Զղջումի եւ ապաշխարութեան լաւագոյն տեղը առանձնավայրն է, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պատարագի ու հոգեւոր հաւաքներու պահերը, ուր մարդ կը փորձէ իմաստութեամբ վարուիլ եւ ոչ թէ իր կեանքն ապրի այն աստիճանի տխրութեամբ ու տառապանքով, որ մարդիկ յոգնին իր ոճէն ու տեսքէն։
Մարդ երբ ամբողջ պատարագի ժամանակ իր մեղքերուն համար կուլայ, անկարելի է, որ դուրս գալէ ետք կատակէ, եւ ասիկա բնական արդիւնք է։ Այլ, երբ անիկա դուրս գայ՝ մարդիկ անոր դէմքին վրայ յատուկ փայլք մը եւ կամ ժպիտ մը պիտի նշմարեն, եւ ան պիտի չշարունակէ տխուր մնալ։ Կ’ուզենք ըսել նաեւ, թէ մարդ չի կրնար իր խոր տխրութեան զգացումներէն յանկարծակիօրէն փոխուիլ դէպի ուրախութեան զգացումները։
Այդ պատճառով ալ, երբ մարդ իր մեղքերուն համար կը ցաւի ու արցունք կը թափէ, շատ յաճախ ժամանակ պիտի գայ, երբ պիտի ուրախանայ, եւ մարդիկ ալ իր ուրախութեամբ համար պիտի ուրախանան ու ցնծան։ Սակայն Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ եւ կամ զղջալէ, անձը հաշուետուութեան ենթարկելէ եւ կամ խոստովանելէ ետք պէտք է զգուշանանք շատ խնդալէ եւ կատակելէ, որովհետեւ պահեր կան, երբ մարդ կը զգայ, որ յատուկ ապաշխարութեան զգացումներ կ’ապրի ու կը փորձարկէ, ինչ որ բնաւ յարմար պիտի չըլլայ, որ կորսնցնէ զանոնք։
Ատոր համար ալ աւելի լաւ է, որ երբ մարդուն առիթ ընծայուի, որ հաղորդուելէն անմիջապէս ետք իր տեղը վերադառնայ, կեդրոնանայ, մտամփոփուի եւ իր անձին հետ խաղաղ ու լուռ պահիկ մը ապրի, կարենայ աղօթել եւ երախտապարտ ըլլալ Աստուծոյ իր տուած բոլոր բարիքներուն ու շնորհքներուն համար եւ մարդոց հետ հանդիպումն ու զրոյցը յետաձգէ։
(շար.14)
Թարգմանեց՝
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան