Մայիս ամսուն 25-ն է, արդէն Երեւան հասած ենք՝ մասնակից ըլլալու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պատգամաւորական ժողովին։
Նախքան ժողովի պաշտօնական բացումը, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, պատգամաւորներս կը տեղաւորուինք մարդատար ինքնաշարժներուն մէջ ու կ’ուղղուինք Եռաբլուր, նահատակներու «բնակավայր»։
Զուարթնոց օդակայանէն Երեւան ճանապարհին, մեր հայեացքները, առանց փնտռտուքի կ’իյնան նահատակներու շիրիմներուն հովանի ընող Հայաստանի ու փոքր մասամբ Արցախի Հանրապետութիւններու եռագոյն դրօշներով ողողուած բարձրութիւններուն վրայ։
Եռաբլուր գացող մեր մարդատարը դանդաղօրէն, բայց յամառօրէն կը բարձրանայ Եռաբլուրի գագաթը ու կանգ կ’առնէ հսկայ քարաշէն կոթողին մօտ։
Գագաթէն մեր առջեւ բացուած տեսարանը կը յորդէր «գեղեցկութեամբ»։ «Դիմացն Արարատ…», թախծոտ, սիրտ ու կոկորդ պրկող «գեղեցկութեամբ»։ Մահ ու նահատակութիւն ժայթքող «գեղեցկութեամբ»։
Հաւաքաբար կ’ուղղուինք այնտեղ՝ 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ինկած նահատակներու տեղամասը։
Այդ բաժինի կեդրոնական մասին վրայ բարձրացած է նահատակներու այդ հոյլին նուիրուած յուշակոթող մը։
Ակնյայտ է, որ բիւրաւոր նահատակներուն պարագաները, այնտեղ, յաւիտենական քունի մտած իրենց հարազատները (ըլլան անոնք ամուսիններ, հայրեր, եղբայրներ, զաւակներ…) կը փորձէին յաւիտենականացնել իրենց ենթագիտակցութեամբ… անոնց համար սարքելով շքեղ շիրիմներ։
Մահուան շքեղութիւն։ Մահ ու շքեղ շիրիմներու հայկական փարատոքս՝ հակասութիւն։
Յուշակոթողին կից ու շուրջ բոլորը հաւաքուած ականջալուր կ’ըլլայ միութեանս շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ժողովիս մեկնարկի բացման խօսքին, Եռաբլուրէն, ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին կողմէ արտասանուած։
«Աւարտած փուլի մը, նոր քառամեակի մը դիմաւորութեան շեմին, այս մեկնարկը խոստմնալից եւ ուրախ հանգրուանէ մը սկսելու փոխարէն, կը սկսի մեր ազգային ողբերգութեան «վկաներու» հաւաքական դամբարանէն, սակայն նոր կամքով, նոր կորովով, յաղթանակի հասնելու նոր վճռակամութեամբ»։ Այս բառերով ու գաղափարներով սկսաւ ան իր խօսքը։
Ապա ընդգծեց՝ «Հասարակաց (իմա՝ ազգին ու հայրենիքներուն…) համար զոհաբերուած կեանքերուն յարգանք մատուցելու իրողութիւնը հայութեան նկարագրին ու մշակոյթին կը պատկանին։ Անոնց յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն է, գաղափարական, նիւթական ու այլ առաւելութիւններ ընծայած մեր հայորդիները մեծարելու քայլ է…»։
Ապա ան ընդգծեց՝ ««իմացեալ մահով» անմահութիւն գտած նահատակներուն ազգին անմահութիւն պարգեւելու կտակը անցած է մեզի…»։
«Եռաբլուրը մահաստան է», ընդգծեց ան. «ափսոսանքի պահեր ապրելու, բայց միաժամանակ կեանքի վերադառնալու աղբիւր է…»։
Խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովը, որ միութեան գերագոյն ժողովն է, մահաստան Եռաբլուրէն՝ աւելի լաւ օրեր դիմագրաւելու կամքով ընթացք կու տայ նոր քառամեակին»։
Ամէն մէկս իր յուզումներուն մէջ պլլուած, խմբակներով ման կու գանք շիրիմներուն մէջէն, որոնելով մեր ճանչցած ու չճանչցած նահատակներուն՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի ու Յակոբ Ասթարճեանի, սուրիահայ նահատակներուն շիրիմները։
Այստեղ, մեզի հետ է Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբի բազմամեայ ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը, որ կ’որոնէ իր արցախցի, երէկուան «Վարանդա»ի պատանի երգող, այժմ որպէս նահատակ Եռաբլուրի մէջ ննջած իր աշակերտները, կամ անոնց ողջ մնացած պարագաներուն (քոյր, եղբայր…) հետ տասնեակ մը այլ շիրիմներ։
Այնտեղ՝ Եռաբլուրը միայն մենք՝ Համազգայնականներս չէինք եկած այցելելու նահատակներուն շիրիմները։ Տասնեակներ եկած են իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած մարտիրոսներու այցելութեան, խունկ ու մոմ վառելու..։
Հայեացքս, թաց նայուածքս, շիրիմներուն մէջէն բարձրացած՝ եռագոյն դրօշներուն ընդմէջէն կ’իյնայ մշուշապատ Արարատին վրայ։ Ան դարաւոր ու լուռ վկան է հայութեան բազմադարեան արեւշատ ու լուռ օրերուն։
Մեր հոգիներուն պրիսմակին ընդմէջէն պարզօրէն կը տեսնենք, որ Արարատը՝ Մեծ Մասիսը տխուր ու թախծոտ է, թէկուզ արեւաշող ու մշուշին մէջէն փայլող սէգ գագաթը վաղուան ճերմակ ու վառ արշալոյսի մը գաղտնի փայլքը կը սփռէ իր վիհերէն ու խորշերէն։
Արարատը թախծոտ ու տխուր է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ վարչախումբը անառիկ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մեծ մասը, կամովին, նախածրագրաւորումով յանձնած է ոսոխին, թուրքի Կովկասեան տեսակին՝ ազերիին, ու փոխանակ համազգային ուժերու լարումով 107 տարիներ առաջ Հայոց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու արեամբ ներկուած Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերու պահանջատիրութեան դիմելու, ապազգային ու պարտուողական կարգախօսերով պատրաստ ու հետամուտ է Արցախի մնացեալ մասը, Սիւնիքի ու այլ հայաստանեան տարածքները նուիրելու ոսոխներուն, ազերիին ու թուրքին։
Արարատը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ, երբ ականատես է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի նորակազմ թէ նորով համալրուած, թրքաբարոյ ոստիկանութիւնը, թուրքին յատուկ վայրագութեամբ, «ասֆալտին կը փռէ» ընդդիմութեան խաղաղօրէն բողոքող ցուցարար հայորդիները, որոնց պահանջն է պահել ու պահպանել հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը ու կասեցնել ապազգային վարչախումբին ընթացքը…
Արարատը ինչպէ՞ս կրնայ գորշ, թախծոտ ու տխուր չըլլալ, երբ ականատես կ’ըլլայ զինք բռնագրաւող, իր դարաւոր թշնամիին կամքի գործադրման հայ սեպուած խումբի մը ձեռամբ, երբ ականատես է հայութեան լիցքաթափումին եւ ուծացման գործընթացին, երբ կը տեսնէ, որ ազգն ու հայրենիքը մաշումի ու զառիթափի ուղիին վրայ կը տատանին։
Արարատը թախծոտ ու տխուր ըլլալու դեռ հազար ու մէկ պատճառ ունի։
Բանաստեղծ Գէորգ Էմին խորհրդային օրերուն գրուած «Գնա Կռունկ» բանաստեղծութեան մէջ գովքը հիւսելով Խորհրդային Հայաստանին կ’ըսէր.
«Եւ նախանձից Մասիսն անգամ,
Թեքուել է որ Արաքսն անցնի…»։
Այսօր Սիսն ու Մասիսը շփոթած են ու շուարած՝ Արաքսն անցնելո՞ւ, թէ Հայաստանն ու հայրենիքը լքելու ու պանդխտանալու, երթալու  …
Մասիսը նոյնիսկ վկայ է, որ նախանձի շատ բան ալ չէ մնացած։ Ան իրազեկ է, որ հազար ու մէկ լոյսերու մէջ լողացող Երեւանի կերպարին տակ, թաղուած ու պահուած են սեւ ու մռայլ իրականութիւններ, իսկ այդ փայլքը մակերեսային պատրանք ու խաբկանք է։ Ան Մասիսը իր խորաթափանց աչքերով տեսած է ու կը տեսնէ այն վիհը, զոր կը սպասէ հայութեան. գուցէ իր Մասիսի վիհերէն, որուն դժբախտաբար անհաղորդ են բազմաթիւ հայորդիներ։
Մենք բարձրադիր Մասիսին հայեացքին մէջ տեսանք այն, որ կ’անտեսեն իշխանաւորները։
Տեսնել կը նշանակէ ներքուստ տառապիլ ու բաժնել Մասիսի վիշտն ու թախիծը։
Հարկ է լեցուիլ կամքով, լաւատեսութեամբ, վաղուան պայծառ արշալոյսի մը յոյսով ու լոյսով…։
Եւ այսպէս, Եռաբլուրի մէջ թաղուած մարտիրոսներուն շիրիմներուն, անոնց մէջ ծածանող եռագոյն դրօշներուն ու բոլորիս պահապան Մասիսին՝ Արարատին արձակած վաղուան լուսապայծառ արշալոյսի հեռանկարով կը վերադառնանք Երեւան սկսելու մեր՝ Համազգայինի գերագոյն ժողովը։
Հայութեան եւ Եռաբլուրի նահատակներուն կտակը, թախիծն ու սուգը ետին ձգելով, լաւատեսութեամբ վաղուան դիմելու կանչն է։
Երեւան, 31 Մայիս 2022
Կարօ Վ. Մանճիկեան