“Ազդակ”._ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի խորհրդարաններու անդամներ Յակոբ Բագրատունիի, Ժիրայր Ռէիսեանի եւ Արա Շահվերդեանի հետ:
 
Խորհրդակցական այս հանդիպումին առանցքը կազմեցին միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ շրջանի քաղաքական գործընթացները:
 
Խորհրդակցութիւնը կը ներառէր հայաստանեան խնդիրները, Արցախի կացութիւնը եւ սփիւռքի մէջ հայկական գործօնի դերակատարութեան հետ կապուած հարցերը: