Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Աւընեան եւ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սուրիացի քիւրտ ցեղախումբերու ազգային համագումարին, ուր մասնակիցները մերժեցին Սուրիան բաժնող դաւադրական ծրագիրները եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ բանակին՝ Սուրիոյ ամբողջականութիւնը ապահովելու եւ սուրիական հողը ազատագրելու ահաբեկչական խմբաւորումներէն։