Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, «Շամ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն ուղիղ թռիչքներ պիտի սկսին դէպի Ապու Տապիի Միջազգային Օդակայան։ Հալէպ-Ապու Տապի թռիչքները սկզբնական շրջանին տեղի պիտի ունենան շաբաթական դրութեամբ, ամէն Ուրբաթ։ Ընկերութիւնը աւելցուց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն ուղիղ թռիչքներ սկսիլը մեծ կարեւորութիւն ունի Հալէպի նման պատմական եւ տնտեսական քաղաքի մը համար, ինչպէս նաեւ ճամբորդներուն համար, որովհետեւ անոնց ճամբորդութեան դժուարութիւնները կը նուազեցնէ։ Այսպիսով Հալէպ օդային ուղիղ թռիչքներու կարելիութիւն կը ստեղծէ կարեւոր ուղղութիւններով, ինչպէս՝ Շարիքայի, Քուէյթի, Երեւանի, Պէյրութի եւ Ապու Տապիի։