Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2022-ի «29» թուակիր օրէնքը, որուն համաձայն համալսարանականներու հանրակացարաններու վարչութեանց նիւթական եւ վարչական լիազօրութիւններ պիտի տրամադրուին՝ ուսանողներուն մաքուր, ապահով եւ հանգստաւէտ բնակութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ հանրակացարաններու նորոգութեան եւ անոնց ենթակայ նոր բաժիններ հիմնելու նպատակով։