ԺԵ.
 
Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը երկու միջազգային պատմական հանդիպումներ ունեցաւ իրաքեան ոստիկաններու խառն խումբին դէմ, Հալէպի մէջ։ Առաջինը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 4 Նոյեմբերին, իսկ երկրորդը՝ 7 Նոյեմբեր 1962-ին:
 
Առաջին մրցումին, իրաւարի ազդանշանէն ետք, ՀՄԸՄ-ի խումբը անցաւ յարձակողականի եւ մրցումի 4-րդ վայրկեանին, օգտուելով իրեն շնորհուած անկիւնային հարուածէն (corner), եղբ. Գէորգ Աւընեան յաջողեցաւ նշանակել մրցումին առաջին կոլը, անակնկալի մատնելով բերդապահն ու իրաքեան խումբը:
 
Այս կոլէն ետք, իրաքցիք դարձան ջղագրգիռ եւ կորսնցուցին իրենց հաւասարակշռութիւնը: Ճիշդ է, որ առաջին վայրկեաններուն քանի մը առիթներ ներկայացան անոնց, սակայն ՀՄԸՄ-ի բերդապահ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեան իր կեդրոնացումով եւ զգօնութեամբ կրցաւ զսպել վտանգաւոր գնդակներ։ Միւս կողմէ, եղբ. Գէորգ Կրպոյեան (Քասսապ), ՀՄԸՄ-ի նախկին խաղացող, որ եկած էր Բանակի խումբէն, պաշտպանողական գիծը զօրացնելու իր դերը կատարեց ճկուն խաղարկութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի խումբը իր ներդաշնակ խաղարկութեամբ յաջողեցաւ (1-0) ձեռք բերած արդիւնքը պահել մինչեւ առաջին կիսախաղին աւարտը:
 
Բ. կիսախաղին, իրաքցիք ոգի ի բրին պայքարեցան նախ հաւասար արդիւնքի հասնելու, ապա յաղթելու: 3,6 եւ 9 թիւերը կրող մարզիկներ՝ Ճիլպերդ, Էտիկ եւ Սապրի, շատ փորձեցին մրցումին պատկերը փոխել, սակայն չյաջողեցան շնորհիւ մեր տղոց յարատեւ ջանքերուն եւ գործակցութեան:
ՀՄԸՄ-ի վարպետ խաղացողները իրենց կազմակերպուած յարձակումները շարունակեցին եւ անդադար վտանգեցին հակառակորդ խումբին բերդը։ Այնուհետեւ անոնք յաջողեցան, շնորհիւ կեդրոնի յառաջապահ Գօգօ Քիլէճեանի, խաղի բերելէ ետք երկու խաղացող, վարպետօրէն նշանակել հիանալի կոլ մը՝ արդիւնքը բարձրացնելով (2-0)-ի: Վերջին տասը վայրկեանին, իրաքցիք շատ փորձեցին եւ ճիգ թափեցին մրցումին պատկերը փոխելու, սակայն Գէորգ, Սահակ եւ մանաւանդ բերդապահ Անդրանիկ յաջողեցան հեռացնել բոլոր վտանգները։
Իրաքեան խումբը բարձր մակարդակի խաղ ցուցադրեց եւ ի վերջոյ յաջողեցաւ մրցումը աւարտելէն վայրկեաններ առաջ նշանակել իր միակ կոլը:
ՀՄԸՄ( 2-1) արդիւնքով փայլուն յաղթանակ արձանագրեց իրաքեան ուժեղ խումբին դէմ, շնորհիւ համագործակցական յարատեւ ջանքերուն եւ պայքարին:
Հիւրերը պարտուեցան ոչ թէ խաղալ չգիտնալու բերումով, այլ իրենց ջղագրգիռ վիճակին հետեւանքով:
Իրաքեան խումբին մաս կազմող եօթը միջազգային խաղացողներն էին՝
Համետ Ֆաուզի, Ճապպար Մուհամմետ, Ալպէրթ Սամուէլ, Ալպրէ Քազէմ, Ճամալ Թատրա, Արմիկ Սահակեան եւ Շաքէր Իսմաիլ:
ՀՄԸՄ-Իրաքի ոստիկաններու խումբերու Բ. մրցումը մարզական վայելք առթող խաղ մըն էր , եթէ նկատի չունենանք վերջին վայրկեաններու պատահարը:
 
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, դարձեալ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, հովանաւորութեամբ կրթական տնօրէն Ահմատ Հիլալ Զէյնատտինի, ներկայութեամբ իրաքի հիւպատոսին եւ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց: Մրցումը ղեկավարեց միջազգային իրաւարար Ռաշիտ Տաշշան:
Իրաքցիք դաշտ ներկայացան առաջին մրցումին «վրէժը» լուծելու: Սակայն այս անգամ աւելի անկազմակերպ կը խաղային: ՀՄԸՄ-ի ճկուն տղաքը դարձեալ խմբային գեղեցիկ, ներդաշնակ խաղ մը ցուցադրեցին եւ մարզադաշտի հասարակութեան ջերմ ծափահարութիւններուն ու գնահատանքին արժանացան: Սահակ, Նեկրօ,Գէորգ, Գօգօ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի խումբը զօրացնող «Ահլի» ակումբի երկու մարզիկներ՝ Եահիա Հաճճար եւ Ուաէլ Աքքատ սքանչելի խաղ ցուցադրեցին եւ Հալէպի մարզասէր հասարակութեան երկար ժամանակէ իվեր սպասուած խաղը հրամցուցին: Փոխանցումները գեղեցիկ էին, իսկ միջնապահները միշտ կապի մէջ էին յառաջապահ եւ յետսապահ գիծերու հետ։ Բոլորն ալ անխտիր բացառիկ խաղ մը կը ցուցադրէին:
 
Ա. Կիսախաղը վերջ գտաւ (0-0) հաւասար արդիւնքով: Հակառակորդ խումբը Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանէն ետք յաջողեցաւ նշանակել առաջին կոլը, սակայն այս կոլէն ետք, ՀՄԸՄ-ի յառաջապահ գիծի խաղացողները գեղեցիկ փոխանցումներ կատարելէ ետք գնդակը հասցուցին հակառակորդին բերդը: Գէորգ Աւընեան յաջողեցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: Երբ մրցումը կ՚ընթանար հաւասար արդիւնքով, պատահեցաւ անսպասելին, երբ Իրաքի յետսապահը վերաբերմունք ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի խաղացողին հետ եւ զինք զգետնեց հակառակորդի մեծ քառակուսիէն ներս։ Անմիջապէս վրայ հասաւ իրաւարարին սուլիչը՝ հաստատելու անխուսափելի փենալթին, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի խումբին:
Իրաքցիք բուռն կերպով բողոքեցին, սակայն ի զուր, միջազգային իրաւար Ռաշիտ Տաշշան մնաց անդրդուելի: Իրաքի խումբը անմիջապէս հեռացաւ դաշտէն, եւ իրաւարարը առանց տատամսելու դիմեց օրէնքի տրամադրութեան ու համապատասխան ժամանակամիջոցը տուաւ իրաքեան խումբին դաշտ ներկայանալու եւ մրցումը շարունակելու: Սակայն խումբը մերժեց մրցումը շարունակել:
Այսպէս՝ իրաւարարի սուլիչը եկաւ վերջ տալու մրցումին աւարտէն 18 վայրկեան առաջ՝ՀՄԸՄ-ի խումբը յաղթական հռչակելով:
 
Ստորեւ Ձեզի կը ներկայացնենք երկու յաջորդական մրցումներուն մասնակցող ՀՄԸՄ-ի յաղթական խումբի մարզիկներուն անունները.
Ա. Մրցում
Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Սարգիս Ահարոնեան, Գէորգ Կրպոյեան( Քասսապ), Սահակ Եղոյեան, (ապա Գաբրիէլ Պէրպէրեան), Սուրէն Երէցեան, Սարգիս Քէօշկէրեան (Նեկրօ), Կիրակոս Քիլէճեան (ապա Սարգիս Գոզաքճեան, Աբօշ)Անդրանիկ Մալեան, Գօգօ Քիլէճեան, Գրիգոր Սեւտալեան եւ Գէորգ Աւընեան:
 
Բ.Մրցում
Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Սահակ Եղոյեան, Սարգիս Ահարոնեան, Սուրէն Երէցեան, Ուաէլ Աքքատ Սարգիս Քէօշքէրեան (Նեկրօ), Կիրակոս Քիլէճեան, Եահիա Հաճճար, Գօգօ Քիլէճեան, Գօգօ Սեւտալեան եւ Գէորգ Աւընեան։
Խումբի մարզիչ՝ եղբ. Արսէն Դանիէլեան:
Ճորճ Ռասկելէնեան