Բազմատեսակ բոյսերով
Բազմերանգ ծաղիկներով
Հոգեխօս աղօթքներով
Երկնաէջ Սուրբ Հոգիով
Սրբաբոյր խնկարկումով
Երկիւղած մթնոլորտով
Օրհնաբեր հպումներով
Լուսաւորչեան Սուրբ աջով
Խորախորհուրդ առիթով
Հանդիսաւոր հաւաքով
Տիրոջ սուրբ հովանիով
Հայատրոփ ապրումով
Դուն կը դառնաս`
Իւղ սրբութեան
Սրբազան վաւերական
Եզակի, վայելչական
Ցուցանիշ վեհութեան
Հոգենորոգ բալասան
Շնորհքի խօսուն թարգման
Գանձ հոգեգրաւչական
Աւանդ առաքելական
Արձագանգ երանական
Աւետաբեր տօնական
Սփոփիչ ցաւակցական
Երաշխիք սրբադասման:
 
Ուխտաւորի մեր երթով
Խոր հաւատքի մղումով
Միասնական ոգիով
Լուսածարաւ հայեացքով
Անվերապահ-ջերմ սիրով
Կարօտակէզ ակնարկով
Աղօթաշունչ մաղթանքով
Ինքնաբուխ փափաքներով
Անխախտ եւ վառ յոյսերով
Քաղցրաբարբառ օրհներգով
Ետ նորոգուիլ բաղձալով
Տիրոջ կանչին անսալով
Պատրաստ եղանք, որպէսզի`
Դերովդ ներգործական
Արդիւնքովդ պատուական
Ու դիրքովդ տիրական
Բարեզարդես խորան-սեղան
Ծաղկազարդես լեզու-բերան
Լուսազարդես տէրն ու ծառան
Մաքրազարդես խիղճը դաժան:
Ողջ էութեամբ անվարան
Կարիքն ունինք սուրբ օծման
Որուն ճամբով տեւական
Հոգեգալուստն է ներկան
Հունձքին համար շահեկան:
 
Բարեպաշտի ուղիով
Մեր անձերը քննելով
Հաղորդական ողջոյնով
Ուղղափառ դաւանանքով
Մեր հայրերուն կտակով
Շարականով- սաղմոսով
Սրտբաց խոստովանանքով
Կղերական թափօրով
Աշխարհական շքերթով
Սրտագին խնդրանքներով
Անխարդախ ներշնչումով
Օրհնուելու տեսիլքով
Հայեր միասիրտ եղան, որպէսզի`
Ճակատաբաց ընթանան
Մեղքէն ընդմիշտ հեռանան
Իրաւամբ տաճարանան
Ցոյց տան լոյսի սուրբ ճամբան
Արդարութեամբ շողշողան
Կեանք շէնցնեն օրական
Հաւատքով արիանան
Յոյսով կերտեն ապագան
Կոչուին սիրոյ սերմնացան
Որպէս բարի, ժրաջան
Պտղաբեր ներկայանան
Միւռոնաբոյր միշտ մնան:
Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան