Մոնրէալի գրախանութներէն մէկն էի. ժամանակ շատ ունէի եւ գրախանութներ պտըտիլը ամէնէն սիրած ժամանցներէս մէկն էր: Ժամանակ ունէի եւ ինքզինքս տուեր էի այդ հաճոյքին:
Յանկարծ գիրք մը աչքիս զարկաւ: Հետաքրքրուեցայ, բայց չվերցուցի դարանին վրայէն, կարծես եթէ բռնէի այդ գիրքը, օձի պէս ափս պիտի խայթէր:
Բայց չէի կրնար հեռանալ. կեցած էի, ինչպէս օձի նայուածքին մէջ ինկած բռնուած թռչուն:
Երկար պահ մը,- թերեւս այդքան ալ երկար չէր, պարզապէս ինծի երկար կը թուէր,- երկար պահ մը կենալէ ետք, կամացուկ մը վերցուցի գիրքը եւ սկսայ թղթատել:
Այդ տարի գրականութեան Նոպէլեանը շահեր էր, իր մասին շատ յօդուածներ գրուեր էին եւ այդ շատէն քիչ մը կարդացեր էի: Կարդացածս կը ստիպէր որ առնեմ գիրքը եւ ընթերցեմ, բայց անունը ուրիշ բան կը թելադրէր:
Օրհան Փամուք: «Ձիւնը»:
Թուրք մը եւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը այնքան անյարիր էին, որ չէի կրնար, չէի ուզեր ընդունիլ: Իրողութիւնը սակայն կը մնար իրողութիւն:
Գիրքը առի, երկար շրջան մը չուզեցի կարդալ, յետոյ կարդացի եւ շատ աւելի տագնապեցայ մտածելով, թէ այս թուրքը, որ շառաւիղն է իմ մեծագոյն գրագէտներս անասելի անմարդկութեամբ ջարդած ցեղին, իրաւունք չունի այսքան լաւ գրելու …
Կեանքը սրընթաց կը յառաջանար եւ անոր հարկադրած պայմաններուն մէջ, օրերուն հետ տագնապս մոռցայ:
Յետոյ եկաւ Էլիֆ Շաֆաքը եւ հազիւ մոռցուած տագնապս վերակենդանացաւ, շատ աւելի կատաղութեամբ: Էլիֆ Շաֆաքը նաեւ կին գրագէտ է: Կին, թուրք գրագէտ:
Այսօր՝ Պիրկիւլ Օղուզ, այլ թուրք, կին վիպագիր մը:
««Հա՛հ» վէպը (գրուած 2007-ին) 2014 թուականին արժանացեր է Եւրոմիութեան գրական մրցանակին եւ թարգմանուեր է աւելի քան տասնեակ մը լեզուներու: Անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարուեր է տասը թարգմանիչներու եւ հեղինակին համագործակցութեամբ: Այս աշխատանքը արդիւնքն է թուրք գրականութեան «Ջունդա» միջազգային սեմինարին»: Հայերէն թարգմանութիւնը նո՛յն ձեւով՝ այսինքն թարգմանիչներու մեծ թիւի մը մասնակցութեամբ եւ թարգմանական նոյն ոճով կատարուեր է:
Այսքանը գրուած է հատորին կռնակին, հազիւ տասնեակ մը տողեր, որոնք կը լարեն զիս տարօրէն, քանի մը պատճառներով.
-Այս քանիերորդ հեղինակն է, որուն անունը դուրս ելած է իր երկրին սահմաններէն եւ հասած միջազգային հանրութեան:
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ հաշուարկներով նման մրցանակներ կը շնորհուին այս գրագէտներուն:
-«Թուրքերէնի թարգմանութեան Ջունդա միջազգային ընկերութիւն» թէ սեմինար. կարծես թրքերէնը ի՜նչ հին ու բարդ լեզու մը ըլլար, որ թրքերէնի թարգմանիչներու սեմինարներ ալ ըլլային:
-Ինչո՞ւ հայերէնի թարգմանուած է թրքերէն գիրք մը, երբ, ճիշդ է որ մեր գիրքերը եւս, գոնէ Արաս հրատարակչութեան կողմէ կը թարգմանուին թրքերէնի, բայց միջազգային հանրութեան չեն հասնիր. ինչո՞ւ: Ու երբ ես նման գիրք մը կը գնեմ, արդեօ՞ք թուրք մըն ալ հայերէնէ թարգմանուած գիրք մը կը գնէ եւ կը կարդայ:
Այս հարցադրումները անգամ մը եւս կը հաստատեն, թէ մենք իրապէ՛ս չենք ճանչնար թուրքը եւ կը շարունակենք զինք տեսնել 1915-ի կերպարով: Խորքին մէջ թուրքը շատ հաւանաբար մնացեր է իր մէկ դարեայ նոյն այդ կերպարով, բայց արդէն տարազը փոխած, եւրոպականացած, աշխարհի աչքին փոշի ցանելով: Ի զուր չէ Շահան Նաթալիի խօսքը որ կ’ըսէ.
«Թուրքը ֆէսով թէ գլխարկով, շալվարով թէ տաբատով, շէրիաթով թէ զուիցերիական օրէնքներով, արաբերէն թէ լատինական տառերով … նոյն թուրքն է՝ ոճրագործ եւ հայակեր: Ո՛չ միայն նոյնն է, այլ աւելի նրբացած, լրբացած ու համայնակուլ»: Մանաւանդ՝ աւելի նրբացած, լրբացած ու համայնակուլ:
Անհեթեթութեան գերագոյն դրսեւորումով մը, այս գիրքը կը խօսի հօր մը մահուան կորուստէն ծնած հոգեվիճակին մասին: Հօր ՄԸ. Եզակի. մէկ հօր կորուստին մասին: Այս կինը ծանօ՞թ է Հայոց Ցեղասպանութեան: Եթէ ծանօթ չէ, ո՞վ մեղաւոր է իր տգիտութեան համար: Առաջին հերթին իր պետութիւնը, որ այսօր կը շարունակէ ամէն ճիգ ի գործ դնել, աշխարհին համոզելու որ նման բան չէ պատահած, ամէն միջոցի կը դիմէ ոչ միայն այդ հարցը թաղելու համար, այլ «շարունակելու իր պապերուն աւարտի չհասցուցած»ը, ջարդը, մէկընդմիշտ ձերբազատելու համար հայ կոչուած «փորձանք»էն:
Գիրքը, իր շահած մրցանակին պատճառով անշուշտ, արժանացած է քանի մը գրախօսականի, որոնցմէ մէկուն մէջ, շատ զգոյշ կերպով կ’ըսուի.
«Այնուամենայնիւ ասիկա (գիրքին առանցքը) հաւաքական սուգի խնդիր մըն է, պետութեան մը մէջ, որ կը շարունակէ ուրանալ իր գործած յանցանքները, այդպիսով անհնար դարձնելով հաւաքական սուգը ի՛ր երկրին մէջ»:
Այլ գրախօսականի մը մէջ կ’ըսուի.
«Եթէ ձեզի հաճելի է միայն բանաստեղծական լեզուին համար վէպ կարդալը, ուրեմն այս գիրքը կրնայ արձագանգ գտնել ձեր մէջ»:
Եւ, հակառակ տասը թարգմանիչ ունենալուն, զարմանքով կը կարդանք՝ «թերեւս թրքերէնէ թարգմանութիւնն է, կամ բազմաթիւ թարգմանիչներ ունենալու իրողութիւնը, որ գիրքը նուազ հասկնալի եւ ըմբռնելի կը դարձնէ»:
Կրնայի այս բոլորը չգրել, կրնայի աչքերս փակել այս գրագէտներուն երկին հանդէպ, ջայլամի պէս գլուխս ծածկել եւ հանգիստ քնանալ:
Բայց ո՛չ, կը նախընտրեմ տագնապիլ, կը նախընտրեմ որ բոլորս ալ տագնապինք, կրնանք տարբեր պատճառներով տագնապիլ, բայց այդ բոլորը կը բխի մէկ աղբիւրէ՝ թուրքէն, եւ կը թափի մէկ տեղ՝ մեր հաւաքական  եւ հայրենական կորուստներու աւազանին մէջ: Կը նախընտրեմ որ բոլորս ալ  տագնապինք, որ ի վերջոյ արթննանք մեր թմբիրէն:
(Այս գրութիւնս լուսանկար պիտի չունենայ):
Մարուշ Երամեան