Վերջերս  շատ լսուող բայ մըն է այս, որ, ինչպէս նկատած էք, կը ներկայանայ երկու ձեւով՝ զարթի՛ր՝ առանց  «ն»-ի եւ զարթնի՛ր՝ «ն»-ով:
Հեռաւոր անցեալին ան ունէր երկու ձեւ՝  զարթ-ն-ուլ եւ զարթ-չ-իլ:
Այս երկուքին կողքին գրաբարը ունէր տակաւին արթնանալ եւ զարթնանալ, որոնք հոմանիշ են միւս երկուքին  երանգային աննշան տարբերութեամբ:
Մի՛ զարմանաք, կային ուրիշ բայեր եւս, որոնք երկձեւ, նոյնիսկ եռաձեւ էին:
Եթէ սահմանական ներկայի ու անկատարի մէջ ասոնք ունէին ուրոյն խոնարհում, այսինքն՝
զարթնում-զարթնուի               զարթչիմ-զարթչէի
ապա կատարեալի եւ հրամայականի մէջ նոյնն էին, որ է՝
զարթեայ         եւ         զարթի՛ր
Ուրեմն հնագոյն ձեւը զարթի՛ր էր՝ առանց  ն-ի եւ արթ արմատով:
Ընդհանուր հայերէնին յատուկ երեւոյթ մըն է այս, որու թելադրանքով  ածանցաւոր բայերը  ածանցը կը նետեն կարգ մը ժամանակներու եւ եղանակներու մէջ, որոնց կարգին անցեալ կատարեալը եւ հրամայականը. այլ օրինակներ՝  հագ-ն-իլ > հագայ-հագի՛ր, հատ-ն-իլ > հատայ-հատի՛ր, մեռ-ն-իլ > մեռայ-մեռի՛ր, մտ-ն-ել > մտայ-մտի՛ր,  փախչիլ > փախայ-փախի՛ր, թռչիլ > թռայ-թռի՛ր  եւ այլն:
Գրաբարեան այս  խոնարհումը շատ երկար ապրած է, ընդհուպ աշխարհաբարի առաջին  տասնամեակներուն, որովհետեւ  մէկէն միւսին անցումը կտրական չի կրնար պատահիլ, այլ կը կարօտի որոշ ժամանակի:
Դուք պէտք է յիշէք  արեւմտահայերէն աշխարհաբար  երգ մըն ալ, որ կը սկսի զարթի՛ր-ով.
«Զարթի՛ր, որդեակ, յո՛ւշ բեր, վե՛ր կաց,
Պատերազմի փողն հնչեց:
Զարթի՛ր կոչեց ձայնն հայրենեաց,
Կենաց-մահու ժամ հնչեց»:
Քառատողը արեւմտահայերէն է, սակայն ահա գրողը թեթեւ ձեռքով մուծած է գրաբար զարթի՛ր բայը, ինչ որ շատ սովորական վերաբերում է:
Արեւմտահայ բարքերու մէջ զարթնուլ չէ ապրած1,  բայց գոյատեւած ու քաշքշուած է բառարանէ-բառարան.  մեր արդի բոլոր  բառարաններուն մէջ ալ  ճիշդ այսպէս կը գտնէք զայն, իսկ իր այս ձեւով ան մատչելի չէ արդի հայուն՝ ո՛չ աշակերտին, ո՛չ ուսուցիչին, ո՛չ ալ բառարանագիրին:  Բայց ասոր  նմանները տասնեակներով կը վխտան մեր բառարաներուն մէջ, ինչո՞ւ,- որովհետեւ արեւմտահայ բառարանը անհեթեթութիւններու աւանդատուն մըն է, եւ իրենք՝ բառարանագիրները՝ անոր անհեթեթ աւանդապահը: Մինչ  արեւմտահայ հասարակութիւնը, անդրադառնալով, որ պիտի չյաջողի տնտեսել զարթնուլ ձեւը, բնական հակումով որդեգրած է արթննալ-ը, որ գրաբարեան արթնանալ-ին ամփոփ ձեւն է:
* * *
Իսկ ի՞նչ վերաբերում ցոյց տուած է արեւելահայերէնը:
Ընդհանուր առմամբ ան շատ աւելի հեզասահ անցում մը կատարած է գրաբարէն աշխարհաբար: Մեր բարբառը խոչընդոտող տաղտուկները այստեղ  սովորաբար հեշտ ու բնական լուծում գտած են. նման պարագաներու  յաճախ ակնարկած եմ, ուստի կ’անցնիմ, կեդրոնանալու համար սերտուող բային վրայ:
Ան  մեր արթննալ-ին դիմաց նոյնութեամբ առած  է արթնանալ-ը, սակայն միւս կողմէ՝ չէ հրաժարած զարթնուլ-էն, այլ վերածած է զայն զարթնել-ի՝ խոնարհելով զայն իբրեւ պարզ կանոնաւոր բայ , որուն արմատն է զարթուն.
կը զարթն-եմ, կը զարթն-էի, զարթն-եցի, զարթն-ի՛ր…
Ուր, ուրեմն, «ն» բաղաձայնը բայական ածանց  չէ այլեւս, այլ մաս կը կազմէ բայաբունին՝ իբրեւ անոր անբաժան մէկ մասը:
Խոնարհական այս յարացոյցը այլեւս ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ կը դնէ արեւելահայ  սերունդները՝ ի՛նչ տարիք  ու կրթութիւն ալ ունենան անոնք:
Ուրեմն նկատենք, որ այստեղ ունինք զարթնի՛ր՝ ն-ով:
Հիմա հարց է, թէ  մեզի ծանօթ ժողովրդական երգին բնագիրը այս երկուքէն ո՛ր մէկը կիրարկած է,և ճիշդ չեմ գիտեր, քանի կը հանդիպինք երկուքին ալ՝ թէ զարթի՛ր եւ թէ զարթնի՛ր: Կարեւոր ալ չէ.  կարեւորը՝ այս երկուքին լուսաբանութիւնն էր:
* * *
Եթէ արեւմտահայերս ըլլայինք աւելի կազմակերպ հաւաքականութիւն, եւ մեր լեզուն վայելէր տարրական պաշտպանութիւն մը, ապա մեր մէջ ալ գրաբարեան զարթնուլ-ը վերածուած պիտի ըլլար պարզ կանոնաւոր   զարթնիլ-ի  կամ թերեւս զարթնել-ի, որոնք  պիտի տային հետեւեալ երկուքէն մէկը՝
կը զարթնիմ-     կը զարթնէի-     զարթնեցայ-     զարթնի՛ր
կը զարթնեմ-     կը զարթնէի-     զարթնեցայ-     զարթնէ՛   
Այսպէս ալ ան պիտի մտնէր մեր դպրոցական ընթերցարաններուն, բառարաններուն եւ քերականութիւններուն մէջ եւ կիրարկուէր այն նոյն դիւրութեամբ, որ այսօր կը խոնարհենք արթննալ-ը՝ իբրեւ հոմանիշ կամ նոյնանիշ   այս վերջինին:
Ըստ այնմ մեր ընթերցարաններն ու աշակերտները տարբեր ճոխութեամբ պիտի ճռուողէին իրենց մայրենի բարբառը, իսկ բառարաններն ալ պիտի դադրէին անշունչ ու անգործածելի  բառերու գերեզմանոցը  ըլլալէ:
—————————————————————————————————————————————–
1-Մինչ զարթի՛ր հրամայականը՝ իբրեւ քարացած, մեկուսի ձեւ  հոս-հոն  երեւցած է:
Արմենակ Եղիայեան