“Երկիր Մետիա”._ ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան Ազգային Ժողովին լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ վերջին շրջանին բաւական աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալի դիւանագիտական գետնի վրայ, հանդիպումները յաճախակի ու տարբեր ձեւաչափերով կ՛ընթանան: «Այո՛, որքան տեղեակ եմ կան բանակցութիւններ այն մասին, թէ որոշ ժամանակ վերջ պէտք է հանդիպում գոյանայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ, բայց ժամկէտերու առումով յստակ բան չկայ»: