ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադառնալով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը ՀՀ տարածք արգիլելու որոշումին, Yerevan.Today-ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլելու իսկական պատճառները երեք են»։ Անդրադառնալով պատճառներուն, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ․ «Առաջինը այն է, որ Նիկոլ իր այս քայլով կը փորձէ լաւ տպաւորութիւն թողուլ թուրքերուն վրայ՝ ցոյց տալով Հայ Դատի պաշտպաններուն հարուածելու իր ոճը․ սա յստակ ուղերձ է թուրքերը սիրաշահելու համար: Ան այսպիսով նաեւ իր իշխանութեան օրօք սկիզբ առած Հայաստան-Սփիւռք պառակտումը կը խորացնէ, որովհետեւ թուրքերուն հաճելի թուելու կարեւոր քայլ է նաեւ այս մէկը։ Երկրորդ պատճառը այն է, որ այդ քայլով իշխող տարրը կ’ուզէ վախցնել սփիւռքահայ մնացեալ գործիչները եւ ցոյց տալ, որ բոլոր անոնք, որոնք Սփիւռքի մէջ դիմադրութիւն կը ձեւաւորեն Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ, ինչպէս նաեւ այս իշխանութիւններուն կը յուշեն իրենց դաւաճանութիւնը ու կը պայքարին այս դաւաճան կառավարութեան դէմ, անցանկալի անձ կը համարուին Հայաստանի մէջ։ Եւ երրորդը՝ այսպիսով Փաշինեան դրսեւորեց իր հերթական հակադաշնակցական քայլը եւ գործողութիւնը: Ի դէպ, Նիկոլի պայքարը Դաշնակցութեան դէմ իր թրքասիրութենէն յառաջ կուգայ։ Մեր դէմ այսպէս ջանասիրաբար տարիներ շարունակ պայքարած են թուրքերն ու ատրպէյճանցիները, ուստի՝ դաշնակցական գործիչներուն դեմ պայքարելու իր այս մոլուցքին պատճառը զուտ թրքասիրութիւնն է, նման վարքագիծով գործողները գաղափարակիցներ են»։ Սաղաթէլեանի համաձայն, վերոնշեալներն են Մուրատ Փափազեանը հայրենիքի մէջ անցանկալի անձ համարելու հիմնական պատճառները, իսկ մնացածը հերիւրանքներ են, որոնցմով Փաշինեանի իշխանութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր ապօրինի, հակասահմանադրական եւ ճղճիմ գործողութիւնը։ «Մէկ տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ ցոյց տեղի ունեցած է, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ Մուրատ Փափազեան այդ ցոյցին մասնակցա՞ծ է, թէ՝ ոչ։ Մէկ տարուան ընթացքին ան քանի մը անգամ ժամանած է Հայաստան, եւրոպացի կարեւոր պաշտօնեաներու ուղեկցած է. որեւէ բան տեղի չէ ունեցած: Յանկարծ Փափազեանին արգիլած են Հայաստան մուտք գործել Սփիւռքի մէջ «Դիմադրութիւն» շարժումին պայքարի աշխուժացման այս փուլին: Բնականաբար այս համընկնումը պատահական չի կրնար ըլլալ։ Հետեւաբար՝ իշխանութեան բացատրութիւնները ծիծաղաշարժ պիտի թուէին, եթէ խորքին մէջ ողբերգական չըլլային, իսկ իսկական պատճառները վերեւը յայտնեցի», եզրափակեց Իշխան Սաղաթէլեան։