Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ուղերձ յղած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առնչութեամբ։
 
«Սրտի խոր ցաւով կը հետեւինք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին ողբերգական հետեւանքներուն: Ի խորոց սրտի կ՚աղօթենք զոհերու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար, Սուրբ Հոգիին սփոփանքն ու մխիթարութիւնը կը հայցենք անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Այլեւ կ՚աղօթենք բոլոր վիրաւորներու արագ ապաքինման համար՝ մաղթելով Տիրոջ խնամքն ու զօրակցութիւնը:
 
Թող Բարձրեալն Աստուած օգնական և պահապան ըլլայ մեր Երկրին եւ ժողովուրդին», ըսուած է ուղերձին մէջ։