Հայաստանի Յանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը (այսուհետեւ՝ ԱԻՆ) կը հաղորդէ, որ 14 Օգոստոսին, Երեւանի ժամանակով ժամը 16։46֊ին, Հայաստանի Ճգնաժամային Կառավարման Ազգային Կենդրոնը տեղեկութիւն ստացած է, որ Երեւանի մեթրոյի բոլոր կայարաններուն, քաղաքացիական բոլոր կարեւոր կառոյցներուն, բոլոր առեւտուրի կեդրոններուն, կենդանաբանական այգիին, Բաղրամեան 19 հասցէին եւ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ պայթուցիկ նիւթեր տեղադրուած են։
 
Դէպքի վայրեր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական Ծառայութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի երկրաբանութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ճարտարապետ սակրաւորներու խումբերը։
Բնակիչներու անվտանգութեան համար տարհանման աշխատանքներ տեղի ունեցած են։