“Արմէնփրէս”._ 2021-ին վարչական շրջանի ղեկավարի համար կատարուած քննութիւնը յանձնելէ եւ հարցազրոյցը յաջողութեամբ անցընելէ վերջ, ազգութեամբ հայ Պերք Աճար նշանակուած է Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգի կազմին մէջ գտնուող Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստանձնԷ պաշտօնը: Պերք Աճար առաջին հայն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ դարձած է վարչական շրջանի ղեակավար: Պապատաղի արդէն նախկին ղեկավար Ատեմ Քարաթաշ 16 Օգոստոսին պաշտօնապէս թողած է աշխատանքն ու հրաժեշտ տուած է շրջանին։ 1995-ին Իսթանպուլի մէջ ծնած Պերք Աքար սորված է մասնաւոր Սահակեան – Նունեանի անուան հայկական միջնակարգ եւ «Լոյս» աւագ դպրոցներու մէջ։ 2020-ին աւարտած է Պիլգի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, փաստաբանական վարժութիւն ձեռք բերած է Շիշլի թաղամասի մէջ գործող փաստաբանական գրասենեակին մէջ: