«ՌԻԱ «Նովոստի»» – Միջազգային Անվտանգութեան Մոսկովեան 10-րդ համաժողովի ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Երեքշաբթի, 15 Օգոստոսին բանակցութիւններ վարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։ Անոնք քննարկած են Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը։
«Մենք քննարկելի կէտեր ունինք, աւանդական հարցեր գոյութիւն ունին մեր զինուորական սարքերու, ռազմական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջադրանքներ կատարող մեր խաղաղապահ զօրախումբին առնչուող հարցեր։ Մենք վստահ ենք, որ կայունացման հիմնական միջոցը հրադադարն է սահմանագծի ամբողջ երկայնքին». շեշտած է Շոյկու։
Իր կարգին Պապիկեան նշած է.«Այս հանդիպումը շատ կարեւոր է մեզի համար։ Մենք շատ բարձր կը գնահատենք հայ֊ռուսական գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ»։