Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոստամ Ղամեմին Թուրքմենիստանէն դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու երթեւեկային ֆորումին ընթացքին յայտնած է, որ Իրան պատրաստ է բաւարարելու տարածաշրջանի դէպի ծով ելք չունեցող 8 երկիրներու տարանցիկ կարիքները։ «Աշխարհի 32 զարգացող երկիրներու քառորդ մասը, որ ելք չունի դէպի ծով, այսինքն՝ 8 երկիրներ՝ Աֆղանիստան, Հայաստան, Ատրպէյճան, Ղազախիստան, Խրխըզիստան, Տաճկիստան, Թուրքմենիստան եւ Ուզպեքիստան ունին երկկողմ եւ բազմակողմ տարանցիկ սերտ փոխգործակցութիւն Իրանի հետ», յայտնած է ան։ Ըստ անոր, այս մէկը կը նշանակէ, որ Իրան եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ կ’օգնեն դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն՝ կրճատելու առեւտուրի ծախսերն ու դիւրացնելու մուտքը դէպի համաշխարհային շուկայ: