Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «ԱզԹի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ իրենք պէտք է վերադառնան Լաչին (Բերձոր), Չապուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս:
«Ես արդէն յանձնարարած եմ պետական կոմիտէին կապ հաստատել բնակիչներու հետ: Մենք շուտով զանոնք պիտի վերադարձնենք իրենց տուները», ըսած է ան:
Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճան հաւատարիմ է 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, որոնց վրայ հիմնուած է Լաչինը (Բերձոր) շրջանցող նոր ճամբու կառուցումը եւ ձեռնարկուած այլ քայլերը:
«Հայաստանի մէջ պէտք է հասկնան, որ հոլովոյթի ձգձգումը իրենց ոչինչ պիտի տայ: Անոնք կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ մէկուկէս տարի ետք բան մը իրենց օգտին պիտի փոխուի: Որեւէ բան կրնայ փոխուիլ, սակայն մեր օգտին: Բոլորը կը տեսնեն շրջանին մէջ ու աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը: Այս ամէնը տեսնելու համար պէտք չէ ըլլալ մեծ քաղաքական գործիչ: Իր աճող զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական հզօրութեամբ Ատրպէյճանը յաղթեց Հայաստանին, որովհետեւ անոնք կը սխալին: Անոնք չեն հրաժարած Ատրպէյճանի նկատմամբ իրենց տարածքային յաւակնութիւններէն: Ես զանոնք պաշտօնապէս զգուշացուցած եմ հրաժարելու տարածքային պահանջներէն:
Հակառակ պարագային մենք կրնանք նաեւ տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի դէմ», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ ղարաբաղեան հարց չկայ: «Նման փորձեր եղած են, սակայն ես երբեք չեմ համաձայնած ատոր: Հայաստանը ի՞նչ կապ ունի ատոր հետ: Ասիկա մեր ներքին գործն է: Այսօր բանակցութիւններու սեղանին վրայ որեւէ կարգավիճակի մասին խօսք չկայ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, Ղարաբաղ ապրող հայերը պէտք է «ճիշդ քայլ» առնեն ու հասկնան, որ «իրենց ապագան կախեալ է միայն ատրպէյճանական հասարակութեան հետ համարկուելէն»:
«Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ յատուկ արտօնութիւններ պիտի ունենան. անոնք նոյնն են, ինչ որ Ատրպէյճանի մնացեալ բոլոր քաղաքացիները: Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն իրաւունքները ինչպէս պաշտպանուած են, այնպէս ալ պաշտպանուած պիտի ըլլան անոնց իրաւունքները: Ինչպէս պաշտպանուած են Ատրպէյճանի մէջ ապրող ժողովուրդներուն իրաւունքները, այնպէս ալ անոնք պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Ասիկա միակ ուղին է», յայտարարած է Ալիեւ:
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ ան աւելցուցած է. «Մենք պէտք է խաղաղ բանակցութիւններու սկսինք Հայաստանի հետ: Տակաւին դրական պատասխան չենք ստացած, սակայն յոյսով եմ, որ պիտի ըլլայ: Պէտք է ստեղծուի սահմանազատման յանձնախումբ: Անոնք ալ կ’առարկէին, սակայն ի վերջոյ համաձայնեցան: «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է», սակայն սկիզբը դէմ էին: Այժմ՝ յառաջիկայ շաբաթներուն, անոնցմէ կը սպասենք Զանգեզուրի միջանցքի ճամբան»: