Ազգ մը կը գոյատեւէ իր արժէքներով եւ մշակոյթով: ՍՕԽ-ը հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ հանրութեան ներկայացաւ հայկական արուեստի հարուստ ժառանգութեան եւ մասնաւորաբար հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով:
Հետեւաբար 13 – 14 Օգոստոս 2022-ին, ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր նստավայրի եւ շրջաններու կարգ մը մասնաճիւղերով, ինչպէս նաեւ Աշխատանոցի եւ Ձեռարուեստի յանձնախումբերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կայացած փառատօնին՝ ցուցահանդէս վաճառքով, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահէն ներս:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամի Ռատուան Մարթինի, եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:
ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան ծանօթացուց եւ բացատրութիւն տուաւ հայկական ասեղնագործի, Մարաշի եւ Լասէի ասեղներու մասին: Ան ըսաւ, որ հայկական ասեղնագործութիւնը հին է, այնքան որքան հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, իսկ ՍՕԽ-ի ժրաջան խաչուհիները տէր կը կանգնին եւ կը պահպանեն հայկական աւանդոյթները եւ տարբեր առիթներով կը ներկայացնեն զանոնք մեր ժողովուրդին: Ընկերուհին ծանօթացուց նաեւ ներկաները ՍՕԽ-ի աշխատանոցի արտադրութիւններուն եւ քաղցրավենիներուն: Յատկանշական էր ՍՕԽ-֊ի Քեսապի «Մեղրի»եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն` Քեսապի բարեբեր հողէն ճարտար ձեռքերով պատրաստուած արտադրութիւններու ցուցադրութիւն-վաճառքը։
Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը, որ կը ներկայացներ հայ մշակոյթը:
Ցուցահանդէսին մաս կազմեցին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը, ՍԵՄ-ի «Շանթ» Մասնաճիւղը, «Մատիկներ»ը, ինչպէս նաեւ ընկերուհիներ իրենց անհատական աշխատանքով եւ պատրաստած քաղցրեղէնով:
Ներկաները հիացմունքով դիտեցին ցուցադրուած հայկական, գեղեցիկ զարդանախշերով ձեռագործները եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին՝ հայկական ասեղնագործութեան պահպանման նուիրական աշխատանքին համար:
 
Թղթակից