Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ կը յիշատակուի 15 Օգոստոսի մօտակայ Կիրակի օրը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը փոխանցեց, նորօրհնեալ Միւռոնով Ջրօրհնէք, ապա նաեւ խաղողօրհնէք կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներու, ազգայիններու, քեսապահայութեան եւ Սուրիոյ շրջաններէն ժամանած հոծ բազմութեան:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած մուտք գործեց եկեղեցի։
Դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ հնչեց Աստուածամօր նուիրուած քաղցրահունչ շարականներ:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հայրական պատգամը: «Քեզի երանի պիտի տան բոլոր ազգերը» բնաբանով։
Մասիս Սրբազան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, մաղթեց, որ Աստուածամայրը իր օրհնաբեր լոյսէն մեզի բաժին հանէ, որպէսզի լուսաւորուին սուրիական հայրենիքը, Հայաստանն ու Արցախը:
Այնուհետեւ, ուխտաւոր ժողովուրդին յոտնկայս ներկայութեան, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Սրբազան Հօր խնդրանքին, եւ գնահատելով հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան Ուխտի Միաբան Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին մատուցած ամբողջանուէր ծառայութիւնը, Հայրապետական Կոնդակով Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին կը շնորհէ վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք: Սրբազան Հայրը այս առիթով լանջախաչ նուիրեց Հայր Սուրբին։
Պատարագի աւարտին, Մասիս Եպիսկոպոս Անթիլիասէն բերած նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Ջրօրհնէք կատարեց, աղօթելով Ամենակալին, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը անպակաս պահէ քեսապահայութեան եւ ուխտաւոր ժողովուրդին վրայէն:
Ապա, Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւն, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան: Ուխտաւորները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին, ապա ուրախ մթնոլորտի մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած ՀՄԸՄ-ի  աւանդական տողանցք՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն մասնակցութեամբ:
Այս առիթով, իր սրտի խօսքը հանրութեան ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ Ազգ. Իշխանութիւնը, Ազգ. Առաջնորդարանը եւ Քեսապի Թաղականութիւնը գործակցաբար Քեսապի մէջ երեք օրերու ուխտագնացութիւն կազմակերպելով եւ զանազան շրջաններէն ժամանող ուխտաւորներու հոծ ներկայութեամբ ցոյց տուին, թէ Սուրիոյ ողջ տարածքին հայ համայնքը միասնակամ է եւ կառչած կը մնայ Սուրիական հայրենիքին եւ անոր հողերուն ամբողջականութեան։ Այս առիթով ան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց սուրիական բանակին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին, որ ինչպէս բոլոր սուրիացիներուն, յատուկ սէր կը ցուցաբերէ նաեւ սուրիահայ համայնքին նկատմամբ։
Սրբազան Հայրը սկաուտական տողանցքին անդրադառնալով, գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ այսօրուան տողանցքով, երիտասարդներու հայաշունչ ներկայութեամբ կը ծաղկեցնէ եւ կեանք կու տայ մեր նոր սերունդի զաւակներուն։ Ան նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ը տառապանքին մէջէն ծնունդ առնելով, աքսորեալ հայ երիտասարդները համախմբեց մէկ դրօշի տակ, հայրենիք դարձաւ անոնց համար եւ հայկականութիւն դրոշմեց նորահաս սերունդին մէջ։
Սրբազան Հայրը ողջունեց մեծաթիւ ուխտաւորները, մանաւանդ այս առիթով Սուրիա ժամանող սուրիահայերը, որոնք իրենց երկիրները վերադառնալով քեսապահայութեան դեսպանները պիտի հանդիսանան եւ իրենց ներդրումը պիտի բերեն։
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն «Ով Հայ Արի» քայլերգի նուագակցութեամբ, ապա Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով պաշտօնական հաւաքը հասաւ իր աւարտին։
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան