Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ 13 Սեպտեմբերին, Երեւանի ժամով ժամը 11։00-ի դրութեամբ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէն հաստատուած 49 զոհ ունինք։ «Պիտի արձանագրեմ նաեւ, որ այս թիւը, ցաւօք, վերջնական չէ։ Կ’ուզեմ ընդգծել, որ պաշտօնական լրատուութիւնը պէտք է ստուգուի, վերստուգուի, ապա հրապարակուի։ Այս է պատճառը, որ մենք, նաեւ նախապէս ունեցած ցաւալի փորձը նկատի առնելով, մինչեւ վստահ չըլլանք զոհուած զինուորի կամ սպայի ինքնութեան մասին որեւէ տուեալ պիտի չհրապարակուի», ըսաւ Փաշինեան։