13 Սեպտեմբերին ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները՝ հրետանային միջոցներով, խոշոր տրամաչափի զինատեսակներով լայնածաւալ յարձակում կատարած են Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի հայկական դիրքերու եւ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Թշնամին կիրառած է նաեւ ԱԹՍ-ներ: Թիրախաւորուած են բնակավայրեր եւ զինուորական տուեալներ:

Սա Ատրպէյճանի հերթական զինուորական յանցագործութիւնն է, որուն նախորդած էին տեղեկատուական ուժգին գործողութիւններ:

Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը գնահատենք որպէս միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում եւ կը դատապարտենք իրականացուող յանցագործութիւնը:

Ատրպէյճանը, օգտուելով միջազգային լարուած իրավիճակէն, կը փորձէ ուժի կիրառումով ոտնձգութիւն իրականացնել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:

Տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը բացահայտեն, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան դարաշրջանի իրական դէմքը եւ հայ ժողովուրդին մատուցուող կեղծ օրակարգի վտանգաւորութիւնը:

Կ’ակնկալենք մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ՝ հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական պայմանագիրներով նախատեսուած գործողութիւններու իրականացում:

Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ ՄԱԿ-ին, ԵԱՀԿ-ին, ՀԱՊԿ-ին, Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած համանախագահող պետութիւններուն՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսային, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, անյապաղօրէն միջոցներ ձեռնարկելու Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւնները կանխելու եւ անոնց համարժէք գնահատական տալու համար:

Կ’ակնկալենք նաեւ մեր բարեկամ երկիրներէն, յատկապէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աշխոյժ ներգրաւումը՝ ատրպէյճանական յանցաւոր վարքագիծին գնահատական տալու եւ Ատրպէյճանի յարձակումը զսպելու համար:

Զօրակցելով Հայաստանի զինուած ուժերուն՝ մեր ժողովուրդին կոչ կ’ուղղենք խուճապի չմատնուիլ, պահպանել զգօնութիւնը, պատրաստ ըլլալ պաշտպանելու Հայոց պետականութիւնը:

13.09.2022թ.