6 Հոկտեմբերին, Փրակի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը կը լուծուի:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հայկական ծառայութեան հարցումին, թէ ի՛նչը կը խանգարէ սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման՝ Էրտողան ըսաւ, որ կը սպասեն որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները հասնին հասունութեան որոշ աստիճանի:

«Մեր յատուկ ներկայացուցիչները կ՛աշխատին, ներգրաւուած են նաեւ արտաքին գործոց նախարարները: Հազիւ անոնց աշխատանքները ամփոփուին, կը տեսնենք` ի՛նչ կարելի է ընել: Յոյս ունինք, որ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարելի եղածին չափ շուտ բաւական կը ջերմանան, եւ հարցերը կը լուծուին», ըսաւ Էրտողան։

«Մենք նախապայմաններ չունինք», հաստատեց ան՝ նոյն ժամանակ քանի մը անգամ ընդգծելով, որ կը սպասեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Մենք միայն կ՛ակնկալենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը հասուննան: Երբ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, անոնք կը հասնին այդ մակարդակին, կը կարծեմ, որ մեր կողմէ որեւէ հարց չ՛ըլլար, եւ մենք կը բանանք սահմանները եւ կը սկսինք բեռնափոխադրութեան ու օդային փոխադրութեան»։