Փրակի մէջ, ժամեր տեւած բանակցութիւններէն ետք, 6 Հոկտեմբերի կէսգիշերէն աւելի ուշ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարները որդեգրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` երկու կարեւոր արձանագրութիւններով: Նախ` Պաքու եւ Երեւան կը ճանչնան միմիանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը` յանձնառութիւն յայտնելով ՄԱԿի կանոնադրութեան ու Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ալմա Աթայի մէջ 1991ին ստորագրուած հռչակագիրին: Կողմերը ընդգծեցին, որ սահմանազատումը պիտի կատարուի ինքնին ա՛յդ հիմքով: Բացի այդ, Հայաստան համաձայնեցաւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայել Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով. Ատրպէյճան համաձայնեցաւ համագործակցիլ` այնքանով, որքանով որ կապ պիտի ունենայ անոր հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։

Աւելի կանուխ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, թէ Պրիւքսէլ պատրաստ է զօրք տեղակայելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին, սակայն Ատրպէյճան անոր համաձայն չգտնուեցաւ: Թէ ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենայ քաղաքացիական առաքելութիւնը, եւ ինչ կը նշանակէ՝ Ատրպէյճան պիտի համագործակցի այնքանով, որքանով կապ կ՛ունենայ, յստակ չէ: Այս պահուն միայն հաղորդուած է, որ առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երկու ամիսով, աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթներուն` կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ զեկոյցներով սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցելու համար: Սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը եւս պիտի ունենան Պրիւքսէլի մէջ` մինչեւ այս ամսուան աւարտը:

Արցախի կամ հոն ապրող հայերուն մասին յայտարարութեան մէջ որեւէ բառ չկայ: Ալիեւ, բանակցութիւններէն ետք՝ հանդիպելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, դարձեալ պնդեց, որ կը մերժէ Արցախի մէջ ապրող հայերուն վերաբերեալ քննարկում որեւէ երկրի, նաեւ՝ Հայաստանի հետ: «Ղարաբաղի բնակիչները Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են, եւ ան որ չի հաւնիր, կրնայ հեռանալ, այլ տարբերակ չկայ», աւելցուց ան։

«Մենք կը նախատեսենք շարունակել ոչ-պաշտօնական հանդիպումները Ղարաբաղի հայկական բնակչութեան հետ: Այդպիսի շփումներ արդէն իսկ կ՛ընթանան որոշ ժամանակէ ի վեր, եւ կը կարծեմ, թէ անոնք պիտի առաջնորդեն ամբողջական փոխըմբռնման՝ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման գօտիին մէջ ապրող բնակչութեան մեծամասնութեան հետ: Ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ համարկուելէ բացի այլ տարբերակ ուղղակի չկայ: Ան, որ ընդունի ապրիլ իբրեւ Ատրպէյճանի քաղաքացի, կը կարծեմ` չի զղջար, իսկ եթէ ինչ որ պատճառով մէկու մը այդ մէկը յարմար չէ, կրնան բնակութեան այլ վայր ընտրել», յայտարարեց Ալիեւ:

Քառակողմ յայտարարութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մասին: 6 Հոկտեմբերին Ալիեւ ըսաւ, թէ անիկա պիտի կարգաւորուի պատերազմէն ետք՝ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած յայտարարութեամբ, եւ դարձեալ պնդեց, որ Հայաստան չի կատարեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս անգամ Ալիեւը «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը չօգտագործեց, այլ ըսաւ, որ Հայաստան չ՛ուզեր ինքնակամ դէպի Նախիջեւան ուղի տալ:

«Դժբախտաբար, այսօր ալ, երբ ես դիմեցի Հայաստանի վարչապետին, թէ վերջապէս տուէք մեզի ինքնաշարժի ճամբու երթուղին, պատասխան չստացայ: Ասիկա արդէն նոյնիսկ ծիծաղելի չէ, որովհետեւ բոլորը գիտեն` ուրկէ՛ պէտք է անցնին երկաթուղին եւ մայրուղին: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ ինքնակամ չեն համաձայնիր մեզի անցում տրամադրել դէպի Նախիջեւան: Ասիկա, անշուշտ, ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է, սակայն մենք կը համբերենք, զսպուածութիւն կը ցուցաբերենք: Ես վստահ եմ, որ անոր ալ պիտի հասնինք, որքան շուտ, այնքան` լաւ», յայտարարեց ան

Նիկոլ Փաշինեան ժամեր ետք արձագանգեց՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրելով. «Կրկնում եմ` Հայաստանը պատրաստ է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակմանը` յարգելով մեր ինքնիշխանութիւնը եւ օրէնսդրութիւնը», եւ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանն է, որ անոր չէ համաձայնած:

Աւելի կանուխ, Երեւան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ պատրաստ է ապահովել Ատրպէյճանի եւ Նախիջանի միջեւ կապը` Հայաստանի օրէնսդրութեամբ, սակայն, Պաքուն առաջարկը անպատասխան ձգեց՝ շաբաթներ առաջ անցնելով զէնքի միջոցին:

Իսկ 6 Հոկտեմբերին, խօսելով խաղաղութեան մասին՝ Ալիեւ չյստակացուց, թէ կը պատրաստուի՞ արդեօք մինչեւ համաձայնագիրի կնքումը, կամ` անկէ ետք, դուրս բերել զօրքը Հայաստանի տարածքէն: Փոխարէնը` իբրեւ նախապայման դարձեալ յառաջ մղեց այն թէզը, թէ Արցախի մէջ հայկական զօրամիաւորումներ պէտք չէ ըլլան։

«Հայկական զինուած խմբաւորումները ցարդ մեր հողերէն դուրս չեն բերուած, մենք այդ կը պահանջենք: Ճիշդ է, մէկ մասը հանուած է, բայց անոնք դեռ կը շարունակեն մնալ մեր հողին վրայ: Յոյս ունիմ, որ ասոր եւս վերջ պիտի դրուի, որովհետեւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կը գիտակցի՝ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», յայտնեց ան:

Ներկայ դրութեամբ, կողմերը յայտնեցին, որ մտադիր են շարունակել արեւմտեան նախաձեռնութիւնները, ըստ այդմ, սահմանազատման հարցով կողմերը պիտի հանդիպին մինչեւ այս ամսուան աւարտը՝ Պրիւքսէլի մէջ, առաջնորդներու մակարդակու այլ հանդիպում մը պիտի ունենան յաջորդ ամիս` դարձեալ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ:

Մինչ այդ նախատեսուած է հանդիպում մը արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, սակայն տակաւին թուականը յստակ չէ։