Վարչապետ Փաշինեանի, նախագահ Ալիեւի, նախագահ Մաքրոնի եւ նախագահ Միշէլի՝ 6 Հոկտեմբեր 2022_ին տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքով ընդունուած է յայտարարութիւն։ Միատեղ յայտարարութեան մէջ, յատկապէս, ըսուած է.

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991_ի Ալմա-Աթայի Հռչակագիրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ատիկա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու աշխատանքներուն համար, եւ որ այդ յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ, մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ:

Հայաստան իր համաձայնութիւնը յայտնեց՝ խրախուսելու Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով: Ատրպէյճան համաձայնեցաւ գործակցելու նշեալ առաքելութեան հետ այնքան, որքան որ առնչութիւն կ’ունենայ: Առաքելութիւնը իր աշխատանքները պիտի սկսի Հոկտեմբերին՝ առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը, եւ իր զեկոյցներու միջոցով, սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցիլը»։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպած են 6 Հոկտեմբեր 2022_ին Փրակի մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած «Եւրոպական քաղաքական համայնքի» առաջին հանդիպումին: