ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) ցնցուած է հայ գերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթէն.

«Տեսանիւթը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ հայ ռազմագերիներու մահապատիժի ենթարկուելու փաստը: Կոչ կ’ուղղենք անյապաղօրէն հետաքննել ատրպէյճանա-հայկական սահմանին խաղաղ բնակիչներուն դեմ ուղղուած այս եւ նախապէս կատարուած յանցագործութիւնները:

Հակամարտութեան բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն միջազգային իրաւունքը»,գրուած է ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ի թուիթըրեան էջին վրայ։