Սթրասպուրկի մէջ այսօր աշխատանքի պիտի սկսի Եւրոպայի Խորհուրդի Խոհրդարանական Վեհաժողովի (Յետայսու՝ ԵԽԽՎ) աշնանային նստաշրջանը (10_14 Հոկտեմբեր)։ ԵԽԽՎ մամլոյ ծառայութեան հաղորդումին համաձայն պիտի քննարկուի նաեւ ՀՀ-դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը։

Նշուած է, որ ընթացիկ հարցերու շուրջ բանավէճեր պիտի ըլլան հետեւեալ նիւթերով ՝ «Եւրոպան Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակողական պատերազմի մեկնարկէն կէս տարի անց», «Եւրոպայի մէջ պարենային անվտանգութիւնը. հացահատիկի արտահանումը ուքրանական նաւահանգիստներով» եւ «Զինուորական գործողութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»։ Պիտի քննարկուին նաեւ շարք մը այլ նիւթեր։