Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն մեկնած է Սթրազպուրկ՝ մասնակցելու Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) խորհրդարաններու նախագահներու ժողովին։ Այցելութեան ընթացքին ան թրքական հիւպատոսարանէն ներս հանդիպում ունեցած է թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։

Անդրադառնալով հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին՝ ան յայտնած է. «Մենք տարածաշրջանի մէջ կայունութեան կը ձգտինք։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով առիթ ստեղծուած է Ատրպէյճանի յաղթանակէն վերջ»։

Թուրք նախարարը, նկատի ունենալով հայկական սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը, ընդգծած է, որ արտերկրի մէջ ապրող թուրքերը աւելի կազմակերպուած պիտի ըլլան։

«Թուրքիոյ պարագային, մենք պիտի քիչ մը աւելի միասնական ըլլանք։ ԱՄՆ-ի մէջ հիմնած ենք թուրք-ամերիկեան ղեկավար կոմիտէ, որ սկսած է շատ արդիւնաւէտօրէն աշխատիլ մեր երկրին ուղղուած հայկական սփիւռքի զրպարտութիւններուն դէմ։ Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, որպէսզի Եւրոպայի մէջ նոյնպէս ուժեղացնենք այդ համախմբուածութիւնը»։

Չաւուշօղլուի խօսքին համաձայն, Ֆրանսայի մէջ, ուր 800 հազար թուրք կ’ապրի, իրենք կրնան աւելի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն վարել։

«Ցաւօք, այստեղ ալ կայ հայկական սփիւռք, որուն մէկ մասը բարի նպատակներ չունի։ Ան դէմ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Մենք կը խօսինք սփիւռքի մը մասին, որ դէմ է լաւ յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ թշնամական վերաբերմունք ունի։ Մենք կ’ակնկալենք, որ դուք աւելի կազմակերպուած ձեւով ձեր ձայնը բարձրացնէք այս սփիւռքին դէմ», ըսած է Չաւուշօղլուն։