Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 11 Հոկտեմբեր 2022_ին ըսած է, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայնութեան եկած են խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնարար կէտերու շուրջ, կը մնայ զանոնք իրականացնել։

«Պայման դրուած է հիմնական կէտերու շուրջ. անոնք հինգ էին: Ատիկա կը ներառէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, սահմաններու սահմանազատումը եւ այլն: Կը մնայ միայն զանոնք իրականացնել», ըսած է Չաւուշօղլուն Tvnet-ին տուած հարցազրոյցին։

Անոր խօսքին համաձայն, Անգարայի՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները չեն կրնար ընթանալ իրարմէ անջատ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ Փրակի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը դրական եղած է։ Միաժամանակ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ պաշտօնական Երեւանը ճնշումներու կ’ենթարկուի ոչ միայն երկրի ներսէն, նոյնպէս սփիւռքի կողմէն։