Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ԻԳԱՆԱ-ի տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսարանը պիտի նպաստէ հայ-իրանեան յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Անոր համաձայն, Կապանի մէջ Իրանի առաջին ընդհանուր հիւպատոսի գործունէութեան սկիզբը կը համապատասխանէ տնտեսական հարցերու մէջ Ռայիսիի վարչակազմի դիրքորոշման, կը ծառայէ Հիւսիս-հարաւ տարանցիկ ճամբու ամրապնդման, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման:

«Այս քայլը, որ պիտի օգնէ ամրապնդելու Հիւսիս-հարաւ տարանցիկ ուղին, իրականացուած է երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը` յատկապէս տնտեսական ոլորտի համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ամրապնդելու նպատակով: Կապանի մէջ առաջին հիւպատոսութեան բացումով մենք ականատես պիտի ըլլանք Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու անընդհատ ընդլայնման եւ խորացման», ըսած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը: