Հասիչէի ելեկտրականութեան ընդհ. ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ նահանգ հասնող ելեկտրականութեան քանակը նուազած է՝ թրքական ուժերուն եւ իրենց ենթակայ զինեալ ահաբեկիչներուն Եփրատ գետը շարունակաբար թիրախաւորելուն եւ Եփրատի ջուրը ապօրինի կերպով օգտագործելուն հետեւանքով։

Հասիչէի ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Անուար Աաքլէ դիտել տուաւ, որ նահանգ հասնող ելեկտրականութիւնը ժամական 35 մեկաուաթէն նուազած է 25-ի, Թապքայի ամբարտակի ջուրի մակարդակին զգալի նահանջին եւ կենսուժի արտադրման ժամերու նուազումին հետեւանքով։ Անոր համաձայն, այս տագնապը յառաջացած է թրքական ուժերուն Եփրատ գետը թիրախաւորելուն արդիւնքով։ Ուստի Թապքայի ամբարտակը սնուցանող ելեկտրականութեան նուազումը պատճառ դարձած է Հասիչէի նահանգի ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու նուազումին։

Ելեկտրականութեան ընկերութեան մասնագէտները կ՚աշխատին վերականգնել Հասիչէի արուարձան Սուէյտիէի ելեկտրակայանը, անոր միջոցով բարելաւելու նահանգի ելեկտրականութեան մատակարարումը։