-«ՍԱՆԱ», Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2022-ին,  դոկտ. Պաշշար ալ-Ճաաֆարի երդման արարողութիւն կատարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց՝ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան նշանակելուն առիթով։ Յետ երդման արարողութեան, Նախագահ Ասատ Ճաաֆարիին յաջողութիւն մաղթեց իր ստանցնած նոր պաշտօնին մէջ։

-Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ մասնակցեցաւ Մուհամմէտ Մարգարէի ծննդեան առիթով Օմայատ մզկիթէն ներս տեղի ունեցած աղօթքի արարողութեան։ Յետ արարողութեան, հաւատացեալները համախմբուեցան նախագահ Ասատին շուրջ եւ իրենց շնորհաւորանքը փոխանցեցին նախագահին եւ անոր ընտանիքին։

-Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերին,  Հասիչէի  «ՍԱՆԱ»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ռաս ուլ-Այն քաղաքին մէջ կայք հաստատած թրքական ուժեր Հասիչէի ջուր մատակարարող միակ աղբիւրը՝ «Ալուք» ջրամուղ կայանը գրաւած ըլլալով աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչ 75 օրէ ի վեր ջրազուրկ կը պահեն։ Հասիչէի ջուրի ընկերութեան միաւորներն ու մարդասիրական կազմակերպութիւնները իրենց կարելին ի գործ կը դնեն բնակիչներուն խմելու մաքուր ջուր ապահովելու համար։

-Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, Հոմսի Հնութեան եւ Թանգարաններու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Ռեստէն քաղաքին մէջ հռոմէական դարերուն պատկանող ընտիր խճանկար մը յայտնաբերեց։

-Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը  Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին հերքեց նախորդ օրերուն դիմատետրի վրայ շրջանառութեան դրուած դպրոցներու Շաբաթ օրերու արձակուրդը չեղեալ նկատուելու շուրջ տարաձայնութիւնը։

-Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ որոշ հիւանդութիւններու պատուաստի քարոզարշաւ սկսաւ՝ մինչեւ 5 տարեկան երեխաներուն համար։ Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ծնողներուն ամենամօտ կառավարական բժշկական կեդրոն ուղղուելու, մինչեւ 20 Հոկտեմբեր 2022։