Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետրսընի հետ։

Աղբիւրին համաձայն, կողմերը խորհրդակցած են Սուրիոյ իրավիճակին վերջին զարգացումներուն եւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ։ Իր կարգին, Պետրսըն ներկայացուցած է կարգ մը երկիրներ իր այցելութեան մանրամասնութիւնները, պատաախանատու մարմիններու հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբին աշխատանքները վերսկսելու գծով տարբեր կողմերու տարած աշխատանքները։ Նախարար Մըքտատ շեշտած է, որ ամերիկեան եւ թրքական ուժերուն սուրիական հողատարածքներ գրաւելը, Իսրայէլի Կոլանի բռնագրաւումն ու սուրիական հողերուն դէմ իրարայաջորդ յարձակումները կը խախտեն միջազգային օրէնքներն ու Սուրիոյ ապահովութիւնը։ Այս առիթով նախարար Մըքտատ Պետրսընի միջոցաւ կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին վերջ տալու Սուրիոյ դէմ իրագործուած յարձակումներուն։