Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժեր, գործակցաբար քրտական «ՔԱՍԱՏ» զինեալ խմբաւորման, Հասիչէի արեւելեան «Եաարոպիէ» արուարձանէն քարիւղ եւ ցորեն սեփականացուցած եւ 92 փոխադրակառքով հիւսիսային Իրաք փոխադրած են, անցնելով «Ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն, որ յատկացուած է նման ապօրինի փոխադրումներու։