ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱ՝ ԻՐԱԶԵԿ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Սուրիական-Հայաստանեան Գործարարներու Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան խորհուրդի Սուրիոյ անդամներուն հետ Երեւան կատարած աշխատանքային իր այցելութեան առիթով խրախուսեց հայ գործարարները այցելելու Սուրիա՝ իրազեկ դառնալու Սուրիոյ մէջ առկայ ներդրումային խոստումնալից կարելիութիւններուն եւ ամրապնդելու երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւնները։

Զաքի մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին շատ դրական համարեց այս ամսուան 11-15-ի միջեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այցերութիւնը, դիտել տալով որ ան կը միտէր աշխուժացնել սուրիական-հայաստանեան առեւտրային յարաբերությունները «Յատկապէս Սուրիոյ դէմ ի գործ դրուած անարդար եւ միակողմանի պատժամիջոցներու եւ շրջափակումի ժամանակաշրջանին։ Շրջափակում մը, որ յանգեցուց սուրիացի ժողովուրդին ապրած տագնապին բազմապատկումին՝ տարբեր մակարդակներու վրայ»:

Զաքին նշեց, որ Երեւանի մէջ, սուրիական գործարար խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ, առանձին հանդիպումներ ունեցած է ՝ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Գերոբեանի, անոր տեղակալ Արմէն Արզումանեանի եւ նախարարութեան արտաքին կապերու բաժինի տնօրէն Արմէն Այվազեանի հետ, «որոնց ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու անոնց զարգացման միջոցները՝ զանոնք բարձրացնելու երկու բարեկամ ժողովուրդներու ընկերային սերտ յարաբերութիւններու մակարդակին»:

Զաքի յայտնեց, որ սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի Հայաստանի մայրաքաղաք արդիւնաւէտ այցելութիւնը ներառած է նաեւ հանդիպումներ Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն Անդրանիկ Ալեքսանեանի, տնօրէններու խորհուրդի անդամ առեւտրականներու եւ վաճառականներու հետ,ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գործատուներու Հանրապետական Մ​իութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանի, ՆերդրումներուԱջակից Կեդրոնի փոխտնօրէն Արամ Վարդանեանի եւ Հայաստանի ակնառու գործարար Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որուն ձեռնարկութիւններուն մէջ աւելի քան 64000 պաշտօնեաներ կ՛աշխատին։

Զաքի աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումներուն առիթով հայկական կողմին ներկայացուցած է Սուրիոյ ապահովական կայուն իրավիճակն ու անոր լոյսին տակ ներդրումային արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրագործման կարելիութիւնները՝ աւելի քան տասը տարի տեւած դաժան պատերազմէն վերջ երկրի ու անոր տնտեսական ենթակառոյցներու վերականգնումին կարիքներուն զուգահեռ։

Անոր համաձայն, մեծ թիւով հայ տնտեսական գործիչներ ընդունած են Երեւանի Սուրիոյ դեսպանատան մէջ խորհուրդին հետ հանդիպման հրաւէրը, որուն ընթացքին Ետալեան իր եւ խորհուրդի անդամներուն անունով ողջունած է հիւրերը։ Ետալեան գնահատանքի խօսք ուղղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ․ Նորա Արիսեանին, որ իր պարտականութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք սկսած է թափ տալ Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, որոնք, Ետալեանի համաձայն, վերջին տարիներուն մասամբ լճացած էին պատերազմին հետեւանքով։

Իր ելոյթին մէջ Զաքի դիտել տուած է նաեւ, որ ընթացիկ տարին կը զուգադիպի Սուրիոյ եւ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին, աւելցնելով, որ «Սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը տասնամեակներու պատմութիւն ունի, իսկ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շարունակուած են նոյնիսկ Սուրիոյ հետ որոշ պետութիւններու դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու խզման օրերուն»։

Ան բարձր գնահատած է պատերազմի տարիներուն Հայաստանի դիրքորոշումը Սուրիոյ նկատմամբ, «Որովհետեւ ան ոչ միայն չխզեց իր դիւանագիտական յ​արաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, այլեւ մարդասիրական օգնութեամբ նպաստեց սուրիական կառավարութեան եւ սուրիացի ժողովուրդին բեռան թեթեւացման։ Այս իմաստով Հայաստան Սուրիա ուղարկեց մարդասիրական առաքելութիւն, որ աշխատեցաւ ու կը շարունակէ աշխատիլ ականազերծման ոլորտին եւ բժշկական հատուածին մէջ՝ Հալէպ եւ Դամասկոս։ Երեւոյթ մը, որ երկու ժողովուրդներու եւ երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու ամենագեղեցիկ մարմնացումն է»։

Զաքի կարեւոր համարեց Հայաստանի մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ խրախուսեց ներդրումները Սուրիոյ մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով ներդրումներու 2022-ի 18 թուակիր օրէնքը։
Իր խօսքը եզրափակելով Ետալեան անցաւ գործնական քայլերու՝ ներկայացնելով Սուրիա-Հայաստան տնտեսական գործակցութեան միջոցները, փորձառութիւններու փոխանակման, արհեստագիտութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ միասնական ծրագիրներու մշակման, ներմուծման եւ արտահանման փոխադարձ աշխուժացման ու միատեղ նախագիծերու հաստատման ճամբով։
Ապա տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութեան ոլորտներու եւ հեռանկարներու, յատկապէս փորձառութեան փոխանակման շուրջ քննարկում։ Խորհուրդի անդամները պատասխանեցին նաեւ ներկաներուն ուղղած հարցումներուն։