«Թերթ» – Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարած է, որ պաշտօնական Թեհրանը Հայաստանի անվտանգութիւնը կը համարէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան և տարածաշրջանի անվտանգութիւնը:

Mehrnews.com-ին համաձայն, ան այսպէս արտայայտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

Ապտուլլահեան ըսած է. «Ես ուրախ եմ, որ այս այցելութեան ընթացքին ականատես կ՚ըլլանք Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան վերաբացման: Այս զարգացումը Իրանի և Հայաստանի միջև պատմական յարաբերութիւններու խորութեան մէկ այլ նշան է»։

Իրանցի նախարարին խօսքով՝ իրենք յստակօրէն յայտարարած են, որ դէմ են կովկասեան տարածաշրջանին մէջ սահմաններու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան: