21 Հոկտեմբերին, Կապանի մէջ պաշտոնապէս բացուեցաւ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ հիւպատոսութեան բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը։

Միրզոյեան հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ խորապէս կ՚ընկալեն և բարձր կը գնահատեն երկրի ողնաշարը հանդիսացող այս հատուածին՝ Սիւնիքի մարզին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու Իրանի որոշումը:

«Կը Ցանկանք անգամ մը եւս վերահաստատել հայկական կողմին մտադրութիւնը՝ Թաւրիզի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու գծով: Իրան Հայաստանի համար մշտապէս եղած է և կը շարունակէ ըլլալ առանցքային գործընկեր: Մեր փոխգործակցութիւնը կը ներառէ բաւական ընդգրկուն քաղաքական օրակարգ, ինչպէս նաեւ առևտուրի, կենսուժի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան ոլորտներուն մէջ ամուր կապեր, որոնք, լիայոյս ենք, աւելի կը խորանան և որակական ու գործնական նոր շունչ կը ստանան այսօր բացուող գլխաւոր հիւպատոսութեան շնորհիւ», ըսաւ Միրզոյեան։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այս առիթով իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ Իրան Հայաստանի և տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը։

«Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու Իրանի կառավարութեան որոշումը այդ կարևորութեան դրսևորումն է, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կը ցուցաբերեն Իրանի և հայ ժողովուրդի հազարամեայ յարաբերութիւններուն մէջ: Ես կ՚ուզեմ Կապանի յարգարժան և հիւրընկալ քաղաքացիներու ներկայութեան յայտնել, որ Իրան Հայաստանի և տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը: Մեր քաղաքականութիւնն է՝ յարգել տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաև միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները», ըսաւ Ապտուլլահեան:

Ան ընդգծեց, որ Սիւնիքի մարզը կը հանդիսանայ հիւսիս-հարաւ միջանցքի կարևորագոյն հատուածներէն մէկը․ «Մենք Հայաստանը կը համարենք հիւսիս-հարաւ մայրուղիի վրայ գտնուող կարևորագոյն երկիրներէն մէկը: Եւ մենք մեր առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք, որ այս տարանցիկ ուղին, ինչպէս նաև ապրանքափոխադրումները, ուղևորափոխադրումները այս ուղիով աւելի զարգանան», ըսան ան: