«Սփութնիկ Ատրպէյճան»-ը կը գրէ, որ
Ալիեւ Թիֆլիսի մէջ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան կը ստորագրէ խաղաղութեան համաձայնագիրը։
«Մենք Հայաստանին արդէն փոխանցած ենք հինգ սկզբունքներ եւ յոյս ունինք, որ Հայաստան կը ցուցաբերէ քաղաքական կամք, կը սկսի խաղաղ բանակցութիւններ ու կը ստորագրէ խաղաղութեան համաձայնագիր Ատրպէյճանի հետ»։

«Պաքուն պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու, եթէ Երեւան համաձայնութիւն յայտնէ», յայտնած է Ալիեւ եւ աւելցուցած է, որ համաձայնագիրը ստորագրելէն վերջ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ։