Պայծառ օրեր, քաղցր պահեր
Դարձան յուշեր, մեղեդիներ
Անմար մոմեր, ազդու հետքեր
Մնացինք մենք վշտակիրներ։
Մայր իմ բարի, չունիմ բառեր
Կան կարօտի զգացումներ
Բաժանումի ափսոսանքներ
Քուն խանգարող զաւկի վիշտեր։
Մեր օճախի անշէջ լապտեր
Քաղցրաբարոյ, աւետաբեր
Տնաշէն մայր, միշտ հիւրասէր
Դուն շահեցար ջերմ աղօթքներ։
Քու կեանքովդ հեզ, պատուաբեր
Սերմանեցիր շա՜տ բարիքներ
Պիտ’ հնձես բիւր օրհնութիւններ
Ինչո՞ւ սգամ, երգեմ ողբեր։
Մայր իմ, ունիմ այսօր ցաւեր
Ալեկոծող մեղմ պոռթկումներ
Բայց կեանքիդ մէջ եղան դասեր
Որոնք հոգւոյս կ’ըլլան դեղեր։
Դուն ունեցար խաղաղ խօսքեր
Զոհողութեան օրինակներ
Պանդուխտ կեանքի օրերը մեր
Դառնան երթիդ յուշարարներ։
***
ՀԵՌԱԳԻՐ ՍԻՐԵԼԻ ՄՕՐՍ 
Յուշդ մնաց սուրբ կտակ
Իմ եզակի հրեշտակ
Կ’ապրիս մեր մէջ շարունակ
Որպէս բարի օրինակ։
Խառնուածքով անդիմակ
Սրտով հեզ ու գոհունակ
Բազմանդամ տան յարկին տակ
Եղար սիրոյ բաց նամակ։
Երբ կար դժուար ժամանակ
Եղար յոյսով անխորտակ
Երբ կար «տխուր եղանակ»
Եղար գարնան ջերմ խօսնակ։
Առաքինի, վեհ էակ
Դուն ըլլաս երկնաբնակ
Ժառանգես լուսապսակ
Տօնես յաւերժ յաղթանակ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան